ՀՄԸՄ-ի Հեծելարշաւի Խումբի Երթ` Պուրճ Համուտէն Պիքֆայա

22 ապրիլին ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբը հեծանիւով Պուրճ Համուտէն ուղղուեցաւ Պիքֆայա, ուր ծաղիկներ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց: Հեծելանւորդներուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի հեծանիւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Նազօ Հապիպեան:

Օրուան պատգամը փոխանցեց եւ հայութեան կառչած մնալու, Հայ դատի հետապնդման իմաստով ջանք չխնայելու, հայօրէն ապրելու ու գոյատեւելու կոչ ուղղեց Նազօ Հապիպեան:

Նախքան Պիքֆայա ուղղուիլը, ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդները նաեւ այցելեցին Անթիլիասի Նահատակաց մատուռ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

 

Share this Article
CATEGORIES