ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» Կորիզ. Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Զահլէի «Համազասպ» կորիզին երէկ` երկուշաբթի, 23 ապրիլին Զահլէի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ` մասնակցութեամբ Զահլէի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» կորիզին անունով Խաժակ Բալուլեան, որ կեդրոնացաւ պահանջատիրութեան անժամանցելիութեան գաղափարին վրայ:

Օրուան բանախօսն էր նախկին երեսփոխան Հասան Եագուպ, որ խօսեցաւ ներկայիս արաբական աշխարհին մէջ թրքական թափանցումներուն մասին: Եագուպ շեշտեց, որ ժամանակակից Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութիւնը: Թուրքիա երեւութապէս կը ներկայանայ իբրեւ քաղաքակիրթ երկիր, սակայն խորքին մէջ անոր նպատակը կը մնայ տիրապետել արաբական աշխարհին:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը ներկայացուց կենդանի պատկեր մը: Ձեռնարկը փակուեցաւ հայորդիք երգով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES