ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Դպրոցի Աշակերտները Իրենց Յարգանքի Տուրքը Կը Մատուցեն

23 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի շուրջ հարիւր աշակերտներ ուղղուեցան Պիքֆայա, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին` խոստանալով հայօրէն ապրիլ եւ շարունակել անոնց կիսատ ձգած երթը:

Ապագան ներկայացնող աշակերտներուն իր խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Հայկ Թապագեան, որ դիտել տուաւ, թէ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան ու անարդարութեան, հայութիւնը կրցաւ շարունակել: Անոր համաձայն, հակառակ անոր որ թուրքը մէկուկէս միլիոն զոհ խլած է հայ ժողովուրդին զաւակներէն, բռնի կերպով հայութիւնը  հեռացուցած է իր պատմական հողերուն մեծ մասէն, մինչեւ այսօր կը մերժէ խոստովանիլ իր ոճիրը, սակայն այնքան ատեն որ գոյութիւն ունին հայու զաւակներ, որոնք գիտակից են իրենց իրաւունքին, ընկրկում չեն ճանչնար իրենց պահանջատիրութեան մէջ եւ պայքարը պիտի շարունակեն մինչեւ արդար հատուցում:

Հայկ Թապաքեան հաստատեց, որ հայութեան գոյութիւնը մեծ հարուած մըն է թուրքին, հայերէն խօսելով, գրելով, երգելով այս հարուածը կրկնակի կը դառնայ, որովհետեւ ձախողած կ՛ըլլայ հայութիւնը բնաջնջելու թուրքին ծրագիրը:

Իր խօսքի աւարտին Հ. Թապագեան կոչ ուղղեց աշակերտ-մարզիկներուն ապրելու եւ գործելու այնպէս, որ նահատակներու անէծքին արժանի չըլլան:

Այս առիթով մարզիկներուն իր պատգամը փոխանցեց Յարութ սրկ. Շերնէզեան, որ անդրադառնալով հայութեան գոյերթին, յաղթական ուղիին ու քաջաբար ապրած կեանքին` կոչ ուղղեց աշակերտներուն ըլլալու հարազատ ժառանգորդը մեր նահատակ սերունդին, սիրելու հայոց լեզուն, հայկական արժէքներն ու տէր կանգնելու մեր ինքնութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES