«Ապրիլ` Նոր Մայիսներու Յոյսով» Խորագիրը Կրող Ոգեկոչման Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապրիլ` նոր մայիսներու յոյսով» խորագիրը կրող ոգեկոչման ձեռնարկ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Լալէ Բագրատունի, որ լուսարձակի տակ առաւ հայութեան գոյերթը` միշտ հայկական ինքնութեան ու արժէքներուն կառչած մնալով, եւ հաստատեց, որ ներկայիս եւս երիտասարդ սերունդը վճռակամ է շարունակելու գոյապայքարը:
Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդը բաւական պարզ ու տարրական պայմաններու մէջ կրցաւ կառուցել իր հայկական դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, որոնք հայութեան գոյատեւման հիմնական կռուանները հանդիսացան, եւ զանոնք դասեց ամէն բանէ վեր: Լ. Բագրատունի նշեց, որ այսօր թէեւ փոխուած են ժամանակներն ու պայմանները, սակայն հայ երիտասարդութիւնը վճռակամ է շարունակելու պայքարը ներքին ու արտաքին ճակատի վրայ, այնքան ատեն որ Հայ դատը իր արդար լուծումը չէ գտած, թուրքը չէ ընդունած իր յանցանքը եւ կը շարունակէ պղծել պատմութիւնը, իսկ հայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ օտար ափերու վրայ:
Իր խօսքի աւարտին` Լալէ Բագրատունի հաստատեց, որ ապրիլեան այս ձեռնարկով թէեւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը կ՛ոգեկոչուի, սակայն միեւնոյն ատեն կը նշուի հայութեան յարութեան, վրիժառու բազուկներու տուած արժանի հարուածներուն, հայ ժողովուրդի գոյերթի շարունակութեան յաղթանակները: Այս պատճառով է, որ պէտք է ապրիլ` նոր մայիսներու յոյսերով:
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակի վրայ նուագով եւ Նարէ Նոխուտեան` Վահէ Օշականի «Տարեդարձ» ասմունքով:
Օրուան բանախօսն էր Աւետիս Կիտանեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր ամեակներու ունեցած խորհուրդը` հայ տարբեր սերունդներու համար: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 30-ամեակին հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր հայրենիք վերադառնալու յոյսով, կը կազմակերպէր խաղաղ բնոյթի ոգեկոչումներ, երկրորդ հանգրուանը զարթօնքի շրջանն էր, երբ ընթացք առաւ նոր զինեալ պայքարը, զոր ծաւալեցին «նոր խենթեր»: Բանախօսին համաձայն, Հայոց ցեղասպանութեան երրորդ հանգրուանը կը յատկանշուի Արցախեան պայքարով, հայրենիքի ազատագրումով, իսկ չորրորդը` Խորհրդային Միութեան փլուզումով եւ անկախ Հայաստանով: Ան շեշտը դրաւ չորրորդ հանգրուանին վրայ` դիտել տալով, որ թէեւ Հայաստանի վերանկախացումով սփիւռքը յատկապէս իր երազի իրականացման ականատես եղաւ, բայց եւ այնպէս իշխանութեան գլուխ կանգնողներ ազգային ճիշդ ու վճռակամ քաղաքականութիւն չորդեգրեցին, ստորագրեցին Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները, չկրցան կասեցնել Հայաստանէն արտագաղթը, որ այսօր բաւական վտանգաւոր սահմաններու հասած է: Բանախօսին համաձայն, իշխանութեան մէջ թէ ընդդիմութեան կարգին ըլլալով Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով պայքարեցաւ հայկական արդար դատերուն եւ հայութեան գերագոյն խնդիրներուն համար:
Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքի պարզած կացութիւնը` յատուկ կերպով շեշտելով, որ անիկա կը շնչէ լիբանանահայութեան ընդմէջէն: Բայց եւ այնպէս, ներկայ դրութեամբ լիբանանահայութիւնը եւս բազում մարտահրաւէրներու ու այլասերման վտանգներու դէմ յանդիման կանգնած է` օտար վարժարաններ յաճախելու սովորութիւն, օտար ամուսնութիւններ, եւ այլն:
Աւետիս Կիտանեան հաստատեց, որ պէտք է հոգեպէս վերափոխուիլ, վերազինուիլ, որպէսզի կարենանք նորօրեայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնիլ, զգաստ ըլլալ թրքական տարբեր երեւոյթներէ ու Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ներթափանցումներէն, միշտ տէր կանգնիլ մեր սրբազան ինքնութեան ու արժէքներուն:
Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը մեր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութեան վերածելու, որպէսզի պահանջատիրական ոգին չխամրի, նահատակներուն պատգամը միշտ բարձր հնչէ եւ հայը հայ մնայ ո՛ւր եւ ե՛րբ ալ ապրի:
Ձեռնարկին վերջին բաժինով այս առիթին նուիրուած երգեր մեկնաբանեց Սերոբ Յակոբեան` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին:
Ոգեկոչումը աւարտեցաւ «Սարդարապատ»-ով:
Նշենք, որ ձեռնարկի ներկաներուն բաժնուեցան ծաղիկներ, որոնք զետեղուեցան բեմին վրայ տեղադրուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին առջեւ:

