«Դրացիներու Հետ Չկարգաւորուած Յարաբերութիւնները Անոնց Կեցուածքով Պայմանաւորուած Է» Կ՛Ըսէ Տաւութօղլու

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել չկարենալը պայմանաւորուած է այդ երկիրներու յարձակողական եւ անզիջող կեցուածքով: «Թուրքիոյ ուղղուած սադրանքներուն չպատասխանել չենք կրնար», ըսած է ան:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ ընդդիմութեան կողմէ հնչող այն մեղադրանքներուն, թէ թրքական իշխանութիւնները տապալած են «զերօ խնդիր դրացիներու հետ» քաղաքականութիւնը, Տաւութօղլու յայտնած է. «Մենք շոու չենք ըներ, շօշափելի քայլեր կ՛առնենք»:

Ըստ անոր, «զերօ խնդիրներ»-ու քաղաքականութիւնը Յունաստանի, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ազրպէյճանի, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ արդիւնաւէտ է:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ «զերօ խնդիրներ քաղաքականութեան հիմքը Աթաթուրքի խօսքերն են` խաղաղութիւն տան մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի մէջ: Բոլոր խնդիրները միաժամանակ լուծել կարելի չէ: Յարաբերութիւններու զարգացման համար միայն մեր բարի կամքն ու ջանքերը բաւարար չեն: Մեր քաղաքականութեան յաջողութիւնը նաեւ դրացիներու կեցուածքէն, յարաբերութիւններու վրայ ազդող պայմաններէն կախեալ է: Դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղուած մեր ցանկութիւնը անմեղ մարդոց վրայ բռնութիւն գործադրող, մարդկային իրաւանց ոտնահարման պայմաններու մէջ չի կրնար կատարուիլ: Մենք չենք կրնար մեր երկրին ուղղուած սադրանքներուն դէմ ոչինչ ընել»:

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Իսմեթ Պույուքաթաման Տաւութօղլուի «զերօ խնդիրներ» քաղաքականութիւնը անոր ուժեղ երեւակայութեան արդիւնքը նկատած էր:

Share this Article
CATEGORIES