Պաղըշ. «Աստուած Հայերուն Խելք Ու Շնորհք Թող Տայ, Որ «Եւրոտեսիլ»-Էն Հրաժարելու Փոխարէն Ղարաբաղէն Հրաժարին»

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Կարսի մէջ յայտարարած է, որ «Ցեղասպանութիւն չէ կատարուած»` ըսելով, որ ինք 75 միլիոն ժողովուրդի առջեւ իր պարտքը կը կատարէ, որպէսզի որեւէ մէկը չկարենայ «թուրք ժողովուրդին վրայ ցեխ քսել»:

Պաղըշ Կարսի մէջ կրկնած է նաեւ շուրջ մէկ ամիս առաջ իր կատարած յայտարարութիւնը եւ ըսած. «Աստուած հայերուն խելք ու շնորհք թող տայ, որպէսզի «Եւրոտեսիլ»-էն հրաժարելու փոխարէն Ղարաբաղէն հրաժարին»:

Ան յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է նկատէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող յառաջընթացը: «15 տարի առաջ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր Թուրքիոյ մէջ ըսել` «ես քիւրտ եմ», սակայն այսօր պետական պատկերասփիւռի կայանը 24 ժամ քրտերէն յայտագիրներ կը սփռէ», ըսած է թուրք նախարարը:

Պաղըշ պնդած է, որ Թուրքիոյ մէջ երբեք ալեւիներուն չեն ստիպած սիւննի դառնալ, կամ հակառակը: Քիւրտերն ալ քիւրտ մնացած են:

 

Share this Article
CATEGORIES