Երեւանի Մէջ Աւանդական Ջահերով Երթը` Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Բարձունք

Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն տեղի ունեցաւ աւանդական ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով:

Ամէն տարի այդ երթին մասնակցելու նպատակով Հայաստան կ՛այցելեն հայեր աշխարհի բոլոր ծագերէն: Ջահերով երթեր կը կազմակերպուին նաեւ Հայաստանի շարք մը այլ քաղաքներու, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Ջաւախքի եւ աշխարհի հայաշատ վայրերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES