Զանգուածային Ցոյցով Փաստենք, Որ Տէրն Ենք Մեր Իրաւունքներուն
Այսօր կարեւոր օր է լիբանանահայութեան համար: Անթիլիասի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ լսելէ ետք վեհափառ հօր պատգամն ու վերանորոգելէ ետք Ցեղասպանութեան նահատակներուն կտակին հաւատարիմ մնալու մեր համազգային ուխտը, լիբանանահայութիւնը պիտի քալէ դէպի թրքական դեսպանատուն: Խրոխտ ու վճռական քայլերով, իր իրաւունքներուն պահապան կանգնելու խոր յանձնառութեամբ, Արեւմտահայաստանի վերատիրացման անխորտակելի հաւատքով եւ կուռ ու կազմակերպ շարքերով հայութեան քայլարշաւը դէպի թրքական դեսպանատուն պիտի գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը:
Ո՛չ Ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ժխտողականութիւնը, ո՛չ լռութիւնն ու կրաւորականութիւնը եւ ո՛չ ալ ցեղասպանութեան իրողութեան նկատմամբ հաշուեխնդիր մօտեցումները կրնան պակսեցնել համայն հայութեան պահանջատիրութեան ոգիին տարողութիւնը: Պահանջատիրութիւն, որ եկեղեցիներու վերստանձնման, ինչքերու վերասեփականացման, արեան գինի, նիւթական հատուցումներու եւ ամբողջ հայրենահանուած ժողովուրդի մը հողային թէ բոլոր տեսակի իրաւունքներու վերականգնման արդար պահանջներով պիտի քալէ դէպի թրքական դեսպանատուն եւ զանգուածային պահանջով պիտի փոխանցէ թշնամիին, թէ ճանաչումի պահանջին առընթեր հատուցումի եւ իրաւունքներու վերականգնումի յստակ առաջադրանքներով կը ներկայանայ հայութիւնը նախ ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժխտող ժառանգորդներուն եւ ապա համայն աշխարհին:
Քաղաքական առաջադրանքներու այս ամբողջականութիւնը կը ներառէ այսօրուան ցուցական գործողութիւնը, որուն կուռ ու կազմակերպ բնոյթը, բոլոր հատուածներու ներգրաւումը եւ մանաւանդ թշնամիին հետ մէկ լեզուով խօսելու եւ մէկ մարդու նման պահանջատէր կեցուածքի համագաղութային դրսեւորումը պիտի յաջողի ինչպէս ներազգային, այնպէս ալ արտաքին ճակատին ուղղուած յստակ պատգամներ փոխանցել:
Այսօրուան մարդկային հոսքը կը յաջողի հակակշռել թշնամիին նկրտումները, ամէնէն հատու ձեւով հակազդել ժխտողականութեան եւ պարզել բոլորին Հայ դատին եւ հայութեան բոլոր իրաւունքներուն անժամանցելիութիւնը:
Բոլորս խիտ ու խուռներամ շարքերով` Այնճարէն , Զահլէէն, Շթորայէն, Հազմիէէն, Ֆըրն Շըպպեքէն, Այն Ռըմմենիէն, Պէյրութէն` Զոքաք Էլ Պլաթէն, Քանթարիէն, Համրայէն, Ռաս Պէյրութէն , Էշրեֆիէէն, Մար Մըխայէլէն, Հայաշէնէն, Հաճընէն, Խալիլ Պատաուիէն, Պուրճ Համուտէն` Մարաշէն, Սիսէն, Նոր Ատանայէն, Արագածէն, Կիլիկիայէն, Ամանոսէն, ժողովրդային տուներէն, Նորաշէնէն, Ռաուտայէն, Ֆանարէն, Մար Եուսեֆէն, Պաուշրիէէն, Տըքուանէէն, Նահըր Մոթէն, Զալքայէն, Ժէլ Էլ Տիպէն, Անթիլիասէն, Մըզհերէն, Պսալիմէն, Տըպպայէէն, Նաքքաշէն, Ռապիէէն, Ռապուէէն, Պէյթ Գոգոյէն, Պայատայէն, Պէյթ Շաարէն, Պիքֆայայէն, Պաապտաթէն, Պրումմանայէն, Ժունիէէն, ժիպէյլէն, Պաթրունէն, Թրիփոլիէն, Անթիլիասի մայրավանքէն քալենք դէպի թրքական դեսպանատուն, բողոքե՛նք ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներուն դէմ եւ փաստենք, որ տէրն ենք մեր իրաւունքներուն:
«Ա.»

