ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ԱՊԱՀՈՎԵՑ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ռիատի Պէյրութի հետ միասին ապահովեց Բ. հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:

Սակայն Զ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Ժունիէ` չկարենալով առաջին երկու դիրքերէն մէկը գրաւել, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Այս խմբակէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Ահտ Պէյրութ եւ Ահլի Սայտա:

Դ. խմբակէն իրենց տոմսերը ապահովեցին Ատապ Ուալ Ռիատի Քֆարշիմա եւ Քալպ Աքտաս Պէյրութ:

Նշենք, որ Բ. հանգրուան հասնող 12 խումբերը պիտի բաժնուին չորս խմբակի: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբը պիտի ապահովէ Գ. հանգրուանի իր տոմսը:

 

Share this Article
CATEGORIES