ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը միասնաբար ընդլայնեցին իրենց գործունէութեան ծիրը` հասնելով մինչեւ Այնճար հայաւանը:
Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի տնօրէնութեան առաջարկով, Այնճարի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին գործակցութեամբ կազմակերպուեցան երեք դասախօսութիւններ` «Մանուկներու ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային առողջութիւնը» ընդհանուր նիւթով:
Երեք յաջորդական շաբաթ օրերուն` 19 եւ 26 մարտին, ինչպէս նաեւ 2 ապրիլին տեղի ունեցան երեք դասախօսութիւններ` հետեւեալ նիւթերուն շուրջ. «Դպրոցական ձախողութեան պատճառներու եւ բարելաւման» մասին դասախօսեց մանկավարժ-հոգեբան Ռիթա Բարմաքսզեան: «Ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութեան» մասին խօսեցաւ մանկավարժ-հոգեբան Սիլվա Փափազեան:
«Մանուկներու իրաւունքները եւ ծնողքին պարտաւորութիւնները» նիւթին մասին դասախօսեց ընկերային ծառայող Յասմիկ Տօնոյեան:
Դասախօսութիւնները սկսան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետ Սանդուխտ Հերկելեանի բարի գալուստի խօսքով. ան մեծապէս գնահատեց յանձնախումբին գործակցութիւնը եւ Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկրեան: Ան դասախօսները ներկայացնելէ ետք անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հովանաւորող կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ երեք դասախօսութեան ներկայ գտնուողները կը ստանան արեան եւ բժշկական ծառայութիւն ԼՕԽ-ի կողմէ:
Տեղին է յիշել, որ սոյն դասախօսութիւններուն ներկայութիւնը քաջալերական էր, ինչպէս նաեւ գնահատելի էր երիտասարդ մայրերու եւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի ուսուցչական կազմի ներկայութիւնը. անոնք իրենց գնահատանքի խօսքը փոխանցեցին եւ առաջարկեցին յառաջիկային կրկնել նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ:
Դասախօսութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: