Թրքական Կազմակերպութիւնները Կոչ Ուղղած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Եւ Գարեգին Բ. Ու Արամ Ա. Վեհափառներուն Նամակներ Յղած Են
Թուրքիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւնը Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ նստացոյց կատարած է` պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թրքական իսլամական ստեղծագործութիւններու թանգարանին առջեւ տեղի ունեցած հաւաքին վայրը պատահական չէ ընտրուած, Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն թանգարանի շէնքը բանտ եղած է եւ ճիշդ այդտեղ հայ մտաւորականները աքսորելու վճիռը կայացած է:
Հաւաքուած ցուցարարները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` «1915-ը ցեղասպանութիւն էր», «Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցանք է» եւ այլն:
Ցոյցին մասնակցած են` Ռաքել Տինք, քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Պոլսոյ երեսփոխան Մըրրի Միւրէյէ Էօնտեր, Սեպահաթ Թունչել, Ուֆուք Ուրաշ, լրագրողներ Օրալ Չալըշլար, Հիւսէյն Հաթեմի, Հիլալ Քափլան եւ այլ մտաւորականներ: Անոնք ծաղկեպսակ զետեղած են պաստառի մը առջեւ, որուն վրայ գրուած էր` «Այս ցաւը բոլորիս կը պատկանի»:
Զիշան Թոքաչ ժամը 19:15-ին յանուն կազմակերպիչներուն յայտարարութիւն կատարելով` յայտնած է, որ հայերը աքսորուեցան այնպիսի տեղեր, ուր չէին կրնար ողջ մնալ, եւ օրին գործուած բազմաթիւ բռնարարքներ թուեց:
Ուֆուք Ուրաշ իր կարգին յայտնած է, որ Թուրքիա իր պատմութեան եւ «հասարակաց ցաւ»-ին դէմ յանդիման պիտի գայ 21-րդ դարու ժողովրդավարութիւն կառուցելու համար:
Մինչ այդ ազգայնական երկու խմբակներ նստացոյցին դէմ բողոք մը կատարած են, սակայն ոստիկանութիւնը անոնց չէ արտօնած նստացոյցին մօտենալ:
Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան անդամ Մերալ Չըլտըր կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղղուած նամակը, որուն մէջ նշուած է. «24 ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալութիւններով ընթացք առած ցեղասպանութեան հոլովոյթին իբրեւ հետեւանք` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը (…) իր պատկանած հողերէն բռնի կերպով Լիբանան տեղափոխուեցաւ: Իբրեւ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ` ձեզի այս նամակը կը գրենք յայտնելու մեր հաւատը, թէ ձեր կաթողիկոսութեան տեղը այս հողերուն մէջ պէտք է ըլլայ:
«Այս նամակը ձեզի կը գրենք յայտնելու համար, որ ամօթով եւ յարգանքով մեր գլուխը կը խոնարհեցնենք յիշատակին առջեւ օսմանցի հայերուն, որոնք ջարդուեցան եւ սեփականազրկուեցան իրենց բոլոր հարստութիւններէն, եւ իրողապէս` մինչեւ իսկ իրենց անցեալի մնացորդներէն: Մենք այս նամակը ձեզի կը յղենք յայտարարելու համար, որ կը շարունակենք պաշտպանել յափշտակուած իրաւունքները Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուած հայ երեխաներուն եւ այն մարդոց թոռներուն, որոնք փրկուելով ջարդերէն` ցրուեցան աշխարհի տարբեր անկիւնները:
«(…) Ձեզի եւ իբրեւ այդպիսին, աշխարհի բոլոր հայերուն ուղղուած այս նամակը կը գրենք յայտարարելու համար, որ ձեր պահանջները ամէնէն հիմնական մարդկային իրաւանց արտայայտութիւնն են, եւ թէ` նաեւ մեր պահանջներն են:(…) Այսու կը յայտարարենք մեր հաւատքը, թէ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ հայերու բռնագրաւուած կալուածներու իրաւունքի վերականգնումէն եւ կամ փոխհատուցումէն ետք է, որ արդարութիւն կրնայ հաստատուիլ»:
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին ուղղուած նամակին մէջ նշուած է. «Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը 97 տարի տեւած է ոչ միայն իբրեւ պետական քաղաքականութիւն, այլ նաեւ` իբրեւ ընկերային համատարած տեսակէտ: Այս նամակը ձեզի կը յղենք յայտարարելու համար, թէ Ցեղասպանութեան նման մարդկութեան դէմ ոճիրի մը ժխտումը մարդկային իրաւանց օրինազանցութիւն մըն է, որ ինքնին այլ օրինազանցութեանց կ՛առաջնորդէ եւ թշնամանք ու ատելութիւն կը հրահրէ»:
Նամակը ապա կը կրկնէ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղղուած նամակին մէջ տեղ գտած գաղափարները:
Աւելի ուշ խումբին անդամները դէպի նամակատուն քալելով` նամակները ուղարկած են Ս. Էջմիածինի Մայր աթոռ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն:


