Միջազգային Լրատուամիջոցներ` 24 Ապրիլին Լիբանանահայութեան Կատարած Ցոյցին Մասին

Մինչ Պոսթընի մէջ լոյս տեսնող «Կլոպըլ Փոսթ» օրաթերթի կայքէջը 24 ապրիլին դէպի Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն լիբանանահայութեան քայլարշաւին եւ այդտեղ տեղի ունեցած ցոյցէն լուսանկարներ ներկայացուց, եգիպտական «Ահրամ Անլայն», փաքիստանեան «Տը Նիուզ Ինթըրնեշընըլ» եւ «Պիզնըս Ռիքորտըր» կայքէջերը միեւնոյն լուրը հաղորդեցին:

Անոնք հաղորդեցին, որ «հազարաւոր հայեր երեքշաբթի օր Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի արուարձանի մը մէջ ցոյց կատարեցին` ոգեկոչելու համար Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին օսմանցի թուրքերուն կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակը:

Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ ոգեկոչման արարողութեան մը ընթացքին իր պատգամը ուղղելով` Արամ Ա. կաթողիկոս դատապարտեց Միջին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու Թուրքիոյ ջանքերը:

«Պետութիւն մը, որ իր բանտերը մարդկային իրաւանց գործիչներով եւ լրագրողներով կը լեցնէ, կրնա՞յ ուրիշներուն ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ մարդկային իրաւանց հրամայականին մասին դասախօսել», հարց տուաւ ան:

«Մենք Թուրքիոյ ներկայ հանրապետութիւնը` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, մեր ժողովուրդին դէմ իր ոճիրներուն համար հաշուետու կը նկատենք», ըսաւ կաթողիկոսը:

«Արարողութենէն ետք շուրջ տասնեակ հազարաւոր հայեր քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Պէյրութի հիւսիսարեւելեան Ռապիէ արուարձանին մէջ գտնուող թրքական դեսպանատունը` բարձրացնելով Անգարայէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող արաբերէն, հայերէն եւ անգլերէն պաստառներ:

«Դեսպանատան առջեւ հայ երեսփոխաններ ճառեր արտասանեցին եւ մեծաթիւ ներկաները հայկական եւ լիբանանեան քայլերգները երգեցին` մասնակցութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն:

«Քանի մը թրքական դրօշներ պատռտուեցան եւ հրկիզուեցան, իսկ կարգ մը ցուցարարներ դեսպանատան շրջափակին մէջ ջուրի շիշեր, հաւկիթներ, գաւազաններ եւ պայթուցիկներ նետեցին: «Կուսակցապետեր եւ այլ ցուցարարներ լիբանանեան ապահովական ուժերու հետ բախում մը կանխարգիլեցին, երբ ոմանք փորձեցին փշաթելերէն անդին անցնիլ»:

Լրատուամիջոցները կ՛ընդգծեն, որ 140 հազար հայեր` արաբական աշխարհին մէջ ամէնէն մեծաթիւ հայ համայնքը, Լիբանան կը բնակին եւ անոնց մեծամասնութիւնը «զանգուածային սպանդէն» վերապրածներու շառաւիղներ են:

Նշենք, որ քայլարշաւին եւ նստացոյցին լիբանանեան լրատուամիջոցներու կողքին ներկայ էին բրիտանական «Պի. Պի. Սի.» եւ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայաններու, ամերիկեան «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանի, ինչպէս նաեւ ԱՖՓ եւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեանց լրագրողներ:

Share this Article
CATEGORIES