Օպամա Դարձեալ «Մեծ Եղեռն» Ըսաւ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 24 ապրիլի նախագահական տարեկան ուղերձին ընթացքին «ցեղասպանութիւն» եզրին փոխարէն դարձեալ «Մեծ եղեռն»-ը օգտագործեց:
Օպամա ըսաւ. «20-րդ դարու ամէնէն ցաւալի իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացող Մեծ եղեռնը եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ դաժանաբար սպաննուած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը կը յիշենք: Մենք կը միանանք այն միլիոնաւոր մարդոց, որոնք այսօր կը յիշեն 97 տարի առաջ տեղի ունեցած աննկարագրելի դէպքերը: Մեր քայլերը ուղղուած պիտի ըլլան նման իրադարձութիւններու կանխարգիլման:
«1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ տեսակէտներս յայտնած եմ: Այս հարցին մէջ իմ տեսակէտս չէ փոխուած: Իրականութիւնը ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճամբով ընդունիլը բոլորիս օգտին պիտի ըլլայ: Դէպի ապագայ տեղաշարժ պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ տակաւին անցեալի հետ հաշիւները չեն յստակացած: Միացեալ Նահանգները պատմութեան մէջ ատիկա շատ անգամներ կատարած են, եւ ես կը հաւատամ, որ մենք ատկէ աւելի ուժեղ դարձած ենք: Որոշ կազմակերպութիւններ ապագային ուղղուած համարձակ քայլերու արդէն ձեռնարկած են: Կ՛ողջունեմ այդ ճամբան ընտրած հայերը եւ թուրքերը:
«Ամերիկահայերը տարբեր մարզերու մէջ նպաստած են Միացեալ Նահանգներու զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարացման, զարգացման համար շատ կարեւոր ներդրում ունեցած են: Միացեալ Նահանգներուն ձգած ձեր ժառանգութեամբ կը հպարտանանք եւ ձեզի հետ միասին կը յարգենք շուրջ մէկ դար առաջ չարչարուած, ցաւ ապրած եւ սպաննուածներուն յիշատակը: Կը յիշենք Մեծ եղեռնը եւ կը յայտարարենք, որ հայ ժողովուրդին համար աւելի փայլուն ապագայ ստեղծելու համար պատրաստ ենք կանգնելու բոլոր հայերուն կողքին»:
Օպամա 23 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ողջակիզումի թանգարանին մէջ «Այլեւս երբեք» խօսքին մէջ յիշատակած էր քանի մը ցեղասպանութիւններ, սակայն ոչ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

