Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Հիմնադիրներէն Իսմեթ Ուչմա Սրտաբաց Արտայայտութիւններ Ունեցաւ. «Ես Հայերէն Ներողութիւն Կը Խնդրեմ. Կը Մտածեմ, Որ 1915-ը Ցեղասպանութիւն Չէր, Բայց Ցեղաքսոր Էր»
«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն երեսփոխան Իսմեթ Ուչմա 24 ապրիլի կապակցութեամբ շատ հետաքրքրական յայտարարութիւններ ըրաւ եւ ներողութիւն խնդրեց հայերէն: Թարըք Ըշըքի կողմէ «Ռատիքալ»-ի մէջ հաղորդուած տեղեկութեան համաձայն, Իսմեթ Ուչմա այն կարծիքը յայտնեց, որ 1915-ի ողբերգական տեղահանութիւնը իրականութեան մէջ պէտք է կոչուի ո՛չ թէ ցեղասպանութիւն, այլ «ցեղ-աքսոր»:
Իսմեթ Ուչմա այս կերպով նոր բառ մը ստեղծած եղաւ եւ ըսաւ, որ ասիկա ողբերգական աքսորում մըն էր, որուն պատասխանատուն Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնն էր: Ինք անձնապէս ներողութիւն խնդրեց հայերէն եւ ըսաւ, որ անոնց ցաւը մեր ալ ցաւն է, եւ Թուրքիա պէտք է Հայաստանի սահմանները բանայ, որպէսզի հանգստութիւն եւ անդորրութիւն շնորհուի Հայաստանին: Ուչմա այս առիթով զանազան նիւթերու շուրջ ըրաւ հետաքրքրական մեկնաբանութիւններ, նիւթերէն մէկն ալ կը վերաբերէր Սապիհա Կէօքչենի:
Նախ ան ըսաւ, որ 1915-ին պատահեցաւ բան մը, որ այս ժողովուրդին հազար տարուան պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան մէջ չէր պատահած: Պատմաբանները պէտք է մէջտեղ դնեն բոլոր փաստաթուղթերը եւ պէտք է ճիշդ արժեւորեն: Ինք կ՛առաջարկէ, որ հայ բարեկամներու նկատմամբ կատարուած այս անարդար վերաբերումը անուանուի ո՛չ թէ «ցեղասպանութիւն», այլ «ցեղ-աքսոր»: Եթէ ցեղասպանութիւն կատարել ուզէին, կը գործադրէին այն, ինչ որ սպանացիները եւ փորթուգալցիները ըրին Հարաւային Ամերիկայի տեղացիներուն նկատմամբ: Ուչմա դիտել տուաւ, որ ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը պատկանի իթթիհատականներուն, շատ վտանգաւոր է ժողովուրդը շփոթել ապստամբներու կամ հրոսակախումբերու հետ: Օրինակ` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարը պէտք չէ շփոթուի քիւրտ ժողովուրդի դէմ պայքարի հետ: Որովհետեւ այս պարագային շատ ողբերգական վիճակներ կը ստեղծուին: Հայ հրոսակախումբերու կողմէ գործուած ոճիրները ուրիշ բան են, աքսորուած անմեղ հայ հայրենակիցները` ուրիշ բան: Իթթիհատականները իրարու խառնեցին հրոսակախումբերն ու անմեղ հայ հայրենակիցները: Ամբողջ հայ ժողովուրդը ստիպուեցաւ վճարել հաշուեցուցակը: Ուրիշ երկիրներու մէջ ալ տեղահանութիւն կատարուած է, բայց տեղահանութեան ենթարկուածները պէտք է փոխադրուին առանց որ նոյնիսկ անոնց քիթը արիւնի: Իսկ հայկական տեղահանութեան ընթացքին այդպէս եղա՞ւ: Ոչ:
Ուչմա աւելցուց, որ հայկական սփիւռքը, ճիշդ Թուրքիոյ մէջ եղածին պէս կը հրահրէ ցեղապաշտութիւնը եւ կ՛ուզէ անկէ օգտուիլ: Ինք կը մտածէ, որ սփիւռքահայութիւնը ամբողջ հայութիւնը չի ներկայացներ, բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ եթէ 1915-ը չըլլար, սփիւռքահայութիւնն ալ գոյութիւն պիտի չունենար:
Իսկ հողային պահանջի խնդիր մը եթէ ստեղծուի, ասիկա մինչեւ ո՞ւր կ՛երթայ, յայտնի չէ: Պէտք չէ մոռնալ, թէ որքա՛ն մեծ եւ ընդարձակ հողեր ունէր Օսմանեան պետութիւնը եւ ի՛նչ պետութիւններ կային անոր սահմաններուն մէջ: Հող վերադարձնելու նման բան մը կարելի՞ է: Այնուհանդերձ, ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ուրիշի ինչքերուն եւ բնակարաններուն վրայ նստելու: Ես այսպիսի բան մը պիտի չընէի: Ներկայիս փոքրամասնական վաքըֆներու կալուածները կը վերադարձուին: Ասիկա լաւ է: Հայ եւ թուրք ժողովուրդները ձեռք ձեռքի թող տան եւ այս հարցը լուծեն:
Ուչմա դիտել տուաւ նաեւ, որ Սապիհա Կէօքչեն պուրսացի հայ որբուհի մըն էր, որ Մուսթաֆա Քեմալի որդեգիրը եղաւ: «Դուք այդ մանուկը առիք, մեծցուցիք, օդաչու դարձուցիք, բայց այնպէս մը հասցուցիք զինք, որ ան ալ աւելի անդին գնաց եւ Տերսիմի վրայ ռումբ տեղացուց»:
Իսմեթ Ուչմա ամէնէն վերջ դիտել տուաւ, որ երկու ժողովուրդները անբաժան են իրարմէ եւ շատ բան բաժնած են իրարու հետ, աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ մարդ ուրիշէ աւելի մարդ է:

