Պիրանտ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Դարձեալ Հայկական Հարցի Մասին Կը Յիշեցնէ
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դարձեալ յիշեցուցած է Հայկական հարցի անլոյծ ըլլալուն մասին:
Ան թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին մէջ գրած է, որ «ամէն տարուան նման այսօր ալ 70 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թուրքիան պիտի մտահոգուի, թէ Հայկական հարցը ի՛նչ պիտի բերէ իրեն, թէ այս անգամ Ուաշինկթըն ի՛նչ պիտի ըսէ: Քանի մը օր պիտի խօսինք այս մասին, ապա ամէն ինչ դարձեալ պիտի մոռցուի: 2015-ի նախօրեակին ճնշումը աւելի պիտի աճի: Իսկ Թուրքիան ամէն անգամուան նման պիտի շարունակէ սպառնալիքներ տեղացնել եւ կարծր արձագանգներ տալ: Սակայն այդ ամէնը օր մը այլեւս արդիւնք պիտի չտան, որովհետեւ աշխարհի մէկ մասը արդէն ճանչցած է ցեղասպանութիւնը»:
Ան կը նշէ, որ իր գրասենեակը օրերս ստացած է գերմանացի ճանչցուած գրող-հրապարակախօս Վոլֆկանկ Կիւսթի հազար էջերէ բաղկացած թրքերէն թարգմանուած գիրքը, ուր հրապարակուած են գերմանական արխիւներուն մէջ պահպանուած 1915-1916-ին վերաբերող փաստաթուղթեր: «Գիրքը անգլերէնի, սպաներէնի եւ փորթուգալերէնի թարգմանուելէ ետք, թարգմանուած է նաեւ թրքերէնի, որպէսզի թուրքերը տեսնեն զանոնք եւ հասկնան, որ ոչ թէ թշնամութիւն կ՛ընեն, այլ պարզապէս կը փորձեն ճշմարտութիւնը ներկայացնել», կը գրէ Պիրանտ:
Թուրք վերլուծաբանը կը նշէ, որ Ցեղասպանութեան մասին թրքական պաշտօնական տեսակէտը կը յենի միայն սեփական թրքական աղբիւրներուն վրայ, ինչին միջազգային հանրութիւնը չի հաւատար: Պիրանտ թրքական իշխանութիւններուն խորհուրդ կու տայ. «Եկէք զիրար չխաբենք: Պէտք է արտասահմանեան երկիրներուն արխիւները ուսումնասիրել, եւ այն ժամանակ ճշմարտութիւնը պիտի բացայայտուի»:

