Թուրքիա Սարքոզին Եւ Հոլլանտը Կ՛Ամբաստանէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթը Շահագործելու Յանցանքով

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Ֆրանսայի նախագահական թեկնածուներ` գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզին եւ Ֆրանսուա Հոլլանտը ամբաստանած է նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին ընթացքին հայկական քուէները ապահովելու նպատակով Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը շահագործելու յանցանքով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը  հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ «1915-ի դէպքերուն» վերաբերեալ անոնց (թեկնածուներուն) յայտարարութիւնները «քաղաքական հաշիւներու համար պատմական վիճելի հարցեր շահագործելու այլ օրինակ մըն է»:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ ցաւալի է, որ պատմութիւնը որոշ նպատակներու համար քաղաքականացած է, եւ խտրական վարուելակերպերը արդարութեան ու պատմութեան աւելի լաւ հասկացողութեան պիտի չնպաստեն:

Թուրքիա ֆրանսացի քաղաքագէտներուն կոչ կ՛ուղղէ իբրեւ պետական այրեր զսպուածութիւն ցոյց տալու` նշելով, որ հարցի մը մէջ, ուր առնչակից պետութիւնները պէտք է լուծումի մը հասնին, արտաքին արհեստական պարտադրանքներով արդիւնքի հասնիլը անկարելի է: Հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ, որ այդպիսի յայտարարութիւններ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն կը վնասեն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES