Անդրադարձներ` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Լիբանանցի Քաղաքական Գործիչներու Կեցուածքներուն
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչման քայլարշաւ-բողոքի ցոյցի լրատուութեան կողքին լիբանանեան մամուլը տեղ տուած է նաեւ լիբանանցի պատասխանատու անձնաւորութեանց կեցուածքներուն:
Երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ զօրակցութիւն յայտնելով` պատկան կողմերէն պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին յատուկ դասընթացքի դրութիւն որդեգրել լիբանանեան պետական թէ սեփական վարժարաններու կրթական ծրագիրին մէջ, որպէսզի նման դէպքեր չկրկնուին ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Լիբանանի, ո՛չ ալ աշխարհի որեւէ այլ շրջանի մէջ:
Նմանապէս, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց ձեռնարկելու պատմական քայլերու եւ չբաւարարուելու սոսկ ոգեկոչումով ու արդարութեան պահանջով: «97 տարի ետք, անհրաժեշտ է լծուիլ պատմական գործունէութեան` պահելու համար պատմութեան բնական երթը եւ յանգելու նոր աշխարհի մը, ուր կը տիրեն խաղաղութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն», ընդգծեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:
Մարոնիներու լիկան ողջունեց հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով: Անոր նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն ըսաւ. «Յարգելի հայ համայնքին կարեւորութիւնը կը բացայայտուի իր ամէնէն սքանչելի կողմերով այն պատմական փորձառութեամբ, ուր աւելի քան մէկ միլիոն զոհեր տուին անոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմի գողգոթային վրայ` օսմանեան բռնատիրութենէն ճողոպրումի իրենց ճամբուն վրայ:
Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի գլխաւորած Թաուհիտ հոսանքը հաղորդագրութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով` մաղթելով, որ արդարութիւնը շուտով կ՛իրագործուի: Հաղորդագրութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց աշխատանք տանելու Հայ դատին ի նպաստ միջազգային հանրային կարծիք ստեղծելու եւ դիմակալելու Թուրքիոյ պաշտօնական մերժողական քաղաքականութիւնը:
Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու հանդիպումը իր կարգին հաղորդագրութեամբ մը պահանջեց արդարութեան իրագործումը` զօրակցութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին, Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով:

