Գաղութէ Գաղութ (Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակ)

Վրաստան

Հանրահաւաք` Վրացական
Խորհրդարանին Առջեւ

– 23 ապրիլին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնին, Վրաստանի հայ համայնք, Վրաստանի հայերու ազգային քոնկրես եւ Թիֆլիսեան հայերի համագումար  կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ խաղաղ հանրահաւաք Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ:

«Ո՛չ ցեղասպանութեան» եւ «Հայոց մեծ եղեռն` 97» գրութիւնները կրող ցուցապաստառներով հանրահաւաքի մասնակիցները Թիֆլիսի Ռուսթավելիի անուան պողոտային վրայ գտնուող խորհրդարանի կեդրոնական մուտքի դիմացի հրապարակին վրայ մոմերով խաչ կազմեցին եւ լուռ պար կատարեցին: Ապա հանրահաւաքի մասնակիցները Վրաստանի խորհրդարանին յանձնեցին իւրաքանչիւր երեսփոխանի անունով յղուած խնդրագիր մը` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու զայն:

Նոյն օրը, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմին հովանաւորութեամբ, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յիշատակի երեկոյ»: Ներկայացուեցաւ գրական ուրոյն յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ կ՛առնուէին հայ ժողովուրդի պատմութեան արիւնոտ էջերն ու համայն հայութեան արդարատենչ յաղթանակի դրուագները:

Նոյն օրը երեկոյեան, տասնեակ ջահեր կը լուսաւորէին Թիֆլիսի փողոցները: Ըստ աւանդութեան, Վրաստանի հայ համայնքի ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ջահերով երթ: Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներ, Եռագոյն եւ ջահեր բարձրացուցած հարիւրաւոր վրացահայեր ուղղուեցան դէպի Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն: Ցոյցին մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք զոհերուն յիշատակը` ոճիրը ընդունելու կոչ ուղղեցին թրքական իշխանութիւններուն:

– Պաթումի մէջ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները կը կրէին «Յիշել ցեղասպանութիւնը» խորագիրը:

23 ապրիլին Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հովիւ Արարատ քհնյ. Գումբալեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն աւարտին եկեղեցւոյ դիմաց դրուած խաչքար-յուշարձանին մօտ «Մեր ապագան» երիտասարդական կազմակերպութեան անդամները կատարեցին մոմավառութիւն:

24 ապրիլին միեւնոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին: Ապա խաչքար-յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Պաթումի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան, Աճարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ներկաները: Ոգեկոչման ընթացքին խօսք առին հիւպատոս Գարիկ Իսրայէլեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, աճարահայեր, որոնք շեշտեցին Հայ դատի պայքարի շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, դատապարտեցին թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը:

Նոյն օրը, Պաթումի «Բարեկամութեան տան» մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան անդրադարձող շարժանկարներու ցուցադրութիւն, որուն ներկայ էին համայնքի կազմակերպութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

 

Ջաւախք

Ս. Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ`
Ախալքալաքի Մէջ

24 ապրիլին Ջաւախքի մէջ բացառիկ արեւոտ օր էր: Ջաւախքցիները իրենց քայլերը ուղղեցին դէպի 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուածներուն յիշատակին կանգնեցուած խաչքարը` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու բիւրաւոր նահատակներուն:

Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Տաթեւ քհնյ. Մարուքեան յայտնեց, որ ապրիլ 24-ին աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնը գտնուող հայ իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած` մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն համար: Ան կոչ ուղղեց իմաստութեամբ, մշակոյթով եւ պետականութեամբ վառ պահելու անոնց յիշատակը:

Ս. պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Ջահերով Եւ Մոմերով Աւանդական Երթ`
Ախալցխայի Մէջ

23 ապրիլի երեկոյեան «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական երթ` ջահերով եւ մոմերով, դէպի քաղաքի Մարդա թաղամասը, ուր տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշակոթողը:

Երթի մասնակիցները Եռագոյններով եւ մոմերով բարձրաձայն կոչ ուղղեցին Վրաստանի իշխանութիւններուն` աշխարհի քաղաքակիրթ երկիրներուն հետեւելով ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Խաչքարին մօտ Ախալցխայի հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Մանուկեանի գլխաւորութեամբ երթին մասնակիցները աղօթեցին անմեղ զոհերուն հոգիներուն հանգստութեան համար: Ապա երիտասարդները հանդէս եկան Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող ելոյթներով, որոնցմէ ետք հնչեցին հայրենասիրական երգեր եւ կոչեր:

 

Արցախ

Արցախահայութիւնը Յարգեց
Հայոց Ցեղասպանութեան
Զոհերուն Յիշատակը

 

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 24 ապրիլին հազարաւոր արցախցիներու նման այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Ան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ հայութիւնը հիմա կազմակերպուած ձեւով առջեւ կը տանի հայոց պահանջատիրութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու միջազգային ջանքերը, եւ այդ ջանքերը պէտք է շարունակէ անկախ անկէ, թէ ե՛րբ այդ ամէնը պիտի աւարտի: Ան յայտնեց, որ եթէ նոյնիսկ ընդունինք, որ ամբողջ աշխարհի երկիրները եւ ժողովուրդները ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, միեւնոյնն է, հայոց պահանջատիրութիւնը անով պիտի չաւարտի, անիկա իրաւական, քաղաքական գնահատական է:

Ըստ Աշոտ Ղուլեանի, այն բեկումը, որ տեղի ունեցած է երկու տասնամեակ առաջ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ջանքերը սկսած են իրար ետեւէ ընդունելի դառնալ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ, անոնք անպայման պիտի շարունակուին, քանի որ Թուրքիոյ այսօրուան կատարածը ո՛չ միջազգային իրաւունքի, ո՛չ ալ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կը տեղաւորուի: Ազգային ժողովի նախագահը շեշտեց, որ հայութեան ունեցած միասնականութիւնը հաստատակամութիւնը շատ կարեւոր հիմքեր եւ նախադրեալներ են, որպէսզի կարելի ըլլայ ոչ միայն առջեւ տանիլ, այլեւ արձանագրել յաջողութիւններ այս պահանջատիրութեան ընթացքին:

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ Արամ Մանուկեան ուսանողական միութիւններու կազմակերպած ջահերով երթը: Ասկերան քաղաքի եկեղեցւոյ բակէն սկսած ջահերով երթին մասնակցեցան շուրջ 3500 երիտասարդներ:

 

Փարիզ

Փարիզի Քաղաքապետը Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Մարդկութեան Դէմ
Գործուած
Բարբարոսութիւն Կը Նկատէ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փարիզի քաղաքապետ Պերթրան Տելանոէ 24 ապրիլին ընդունած է քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիգեն Չիթեչեան:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած բարբարոսութիւն է: 97 տարի ետք մենք պարտաւոր ենք վերյիշել եւ յիշեցնել այդ հրէշաւոր իրադարձութեան առնչուող փաստերը», ըսած է Տելանոէ:

 

Գերմանիա

«Ցեղասպանութիւնը Պէտք Է Ճանչցուի»
Կ՛Ըսէ Գերմանացի Երեսփոխան Մը

Գերմանիոյ խորհրդարանի Ձախերու կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Գերմանիոյ պատուիրակութեան անդամ Քաթրին Վերներ յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներն ու զոհերու ժառանգորդները իրաւունք ունին պատմական փաստերու անվերապահ ճանաչում պահանջելու:

Ըստ անոր, հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ հաշտութիւնը կարելի է միայն մէկ պարագայի, եթէ ոճրագործութիւնը չուրացուի կամ աւելի մեղմ երանգներով չներկայացուի:

Գերմանացի երեսփոխանը նաեւ նշած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը պէտք է իրագործէ 2005-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին որդեգրած որոշումը, որ դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ընդգրկել ուսումնական ծրագիրներուն մէջ:

«Ճանաչումը կը պահանջէ պատմական փաստերու լուսաբանում», շեշտած է գերմանացի երեսփոխանը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES