Մամլոյ Անդրադարձներ Եւ Կեցուածքներ` Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչման Մասին
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակը իւրայատուկ կերպով նշուեցաւ այս տարի Լիբանանի մէջ: Արդարեւ, ինչպէս լիբանանեան արաբատառ «Տիար» օրաթերթը կը նշէ` երեքշաբթի, 24 ապրիլը իւրայատուկ կերպով հայկական օր էր:
Խորքին մէջ, ինչպէս համայն աշխարհի մէջ, Լիբանանի մէջ եւս մամուլն ու տեղեկատուուական ցանցերը, կայքէջերը լայնօրէն անդրադարձան հայութեան այս օրուան` տեղեկատուական մանրամասն յօդուածներով թէ վերլուծական ակնարկներով:
«Ժումհուրիա» օրաթերթը իր կողքի նկարով Եռագոյնով զարդարուած հայ աղջնակի մը պատկերին կողքին գրած է. «Օպամա կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթը լայնօրէն անդրադառնալով քայլարշաւին, շուրջ 25 հազար հայերու խուռներամ բազմութիւնը իբրեւ «աննախընթաց տարողութեամբ» ցոյց նկարագրած է:
Նմանապէս եւ անգլիատառ «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթը շուրջ 25 հազար նկատած է ցուցարարներու թիւը եւ մանրամասն լրատուութեան կողքին տեղ տուած է Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հետ հարցազրոյցի մը` իր 24 ապրիլի թիւով:
Լիբանանեան «Պալատ» արաբատառ օրաթերթը եւս իր առաջին էջին վրայ տեղ տուած է քայլարշաւի խուռներամ բազմութեան ու զայն նկարագրած` «Կենդանի ժողովուրդ» բառերով:
Տեղեկատուական անդրադարձներու կողքին, կը կարդանք հետեւեալ վերլուծական ակնարկները. Լիբանանեան արաբատառ «Հայաթ» օրաթերթը կը գրէ հետեւեալ խորագիրը. «Լիբանանի հայերը արաբներուն. մի՛ մոռնաք, որ Թուրքիա ոչնչացուց ձեր ժողովուրդները»:
Թերթին Պէյրութի թղթակիցը անդրադառնալով բողոքի ցոյց-քայլարշաւին կը յիշեցնէ, որ հայեր կը պահանջեն (Թուրքիոյ) փոքրամասնութեանց կալուածային սեփականութիւնները:
Լիբանանեան «Շարք» օրաթերթը իր 25 ապրիլի թիւին ներքին էջով կ՛անդրադառնայ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աունի այն յայտարարութեան, ուր զօր. Աուն կը զօրակցի հայութեան` Ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով:
«Պալատ» իր ներքին էջով եւս անդրադարձած է նախանցեալ օրուան քայլարշաւին: Իսկ ապրիլ 24-ի թիւով, իր 4-րդ էջին մէջ նոյն թերթը յատուկ յօդուածով մը անդրադարձած է առիթին` «Տարտղնուած» քեմփերէն դէպի եօթներորդ համայնք» խորագիրով:
Արաբատառ «Սաֆիր» օրաթերթը իր ապրիլ 24-ի թիւով անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան` «Արամ կը վախնայ հայութեան ժառանգութենէն, իսկ անոր մեծ հայրը մտահոգ է ինքնութեան կորուստէն» խորագիրով:
Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը կը գրէ. «Հայ ցուցարարներ «կը ցնցեն» թրքական դեսպանատան ցանկապատերը:
Նոյն թերթի աշխատակիցներէն թրքագէտ դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին մեկնաբանական ակնարկով կ՛անդրադառնայ ոգեկոչումին` մէջբերումներ կատարելով թուրք մեկնաբաններու, ինչպէս` «Միլլիյէթ»-ի Հասան Ժեմալի, «Ենի Շաֆաք»-ի Ալի Պայրամօղլուի ու «Միլլիյէթ»-ի Մեհմետ Ալի Պիրանտի կարծիքներէն, որոնք անհրաժեշտ կը նկատեն ընդունիլ իրողութիւնը, բացայայտել թրքական արխիւները` հարց տալով, թէ ի՞նչ ըրաւ Թուրքիա անցնող յիսնամեակին: Նուրէտտին իր յօդուածը խորագրած է այսպէս. «Հայոց ջարդերու ոգեկոչում. թրքական ձայներ կը բաժնեկցին ցաւը:
Նշենք, որ դոկտ. Նուրէտտին երէկ «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինով մէկ ժամ տեւողութեամբ այս մասին զրոյց ունեցաւ խօսնակ Հալա Հատտատի հետ` «Օրը-օրին» յայտագիրին ընթացքին:
Լիբանանեան «Նահար» օրաթերթը իր մանրամասն լրատուութեան կողքին յատուկ տեղ տուած է նաեւ Հայաստանի Երեւան մայրաքաղաքին մէջ կայացած հիմնական ձեռնարկին` մէջբերելով նախագահ Սարգսեանի խօսքը, թէ` «Համայն ազգը կը համախմբուի մեր հայրենիքին շուրջ»:
Հետաքրքրական է «Անուար» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ֆուատ Տաապուլի` «Ցեղասպանութիւն եւ ոչ թէ ջարդ» խորագրեալ ակնարկը, ուր ան մէջբերում կը կատարէ հայազգի գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանէն, թէ` անիրաւութիւնը միայն արդարութեամբ կը ջնջուի»…
Տաապուլ կը գրէ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը լաւապէս կատարեց քաղաքական խաղը»: Ան հարց կու տայ Էրտողանի, թէ` «ի՞նչ կը պակսի Էրտողանին, որ «Թայյեպ» (լաւ) ըլլայ նաեւ քաղաքականութեան մէջ եւ տէր դառնայ իր անունին»:
Ցեղասպանութենէն 97 տարիներ ետք ճանաչումը պարտականութիւն ու պայման է թուրքերուն համար, որպէսզի ընդունուին ամերիկացիներու, եւրոպացիներու ու համայն աշխարհին կողմէ…
Լիբանանեան Պինա օրաթերթի յօդուածագիրներէն Նատիր Ապպուտ գրած է. «Հայոց ջարդերը… Թուրքիան հալածող ամօթ մը»:
Թուելով հայերու պատմական ներկայութիւնը իրենց սեփական հայրենիքին մէջ, յօդուածագիրը ժամանակագրական կարգով կը թուէ 1894-1896-ի (Սասնոյ) կոտորածները` նշելով զանոնք իբրեւ «համիտեան ջարդեր»: Յօդուածագիր Ապպուտ կը մեկնաբանէ «Աղէտ» եւ «Ողջակիզում» որակումները` ընդգծելով, որ անունները տարբեր են, սակայն դէպքն ու զայն գործողը նոյնն է, եւ որքան որ Թուրքիա հերքէ ատիկա` պիտի չկարենայ ջնջել իր պատմութեան վրայ դրոշմուած ամօթի խարանը:
Լիբանանցի գրող Նեսիմ Տահեր «Հայաթ» օրաթերթին մէջ հետեւալ խորագիրով յօդուած մը գրած է. «Արեւելեան քրիստոնէութիւնը քսաներորդ դարուն. Զարգացածն ու տկարը: Անդրադառնալով ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու կացութեան` յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ «հայերու եւ ասորիներու հաւաքական ջարդերը», «կը խօսի օսմանեան լուծին ու թրքացումի դէմ պայքարած ժողովուրդներուն, յատկապէս` արաբներուն մասին:

