Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Տաղանդաւոր Աշակերտները
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակոյթի կեդրոնը իր տարբեր միաւորներով հրաշալի աշխատանք կը ծաւալէ մեր նորագոյն սերունդին մշակութային զարգացման ոլորտին մէջ` կերպարուեստի, գեղանկարչութեան իր բաժինով Թորոս Ռոսլինի անուան ձօնուած: «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերով, «Գայեանէ» եւ «Քնար» պարախումբերով, թատերական միաւորներով յաճախ կը զարմացնէ ներկայացուած հանդիսութեանց հետեւողները:
24 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան «Յ. Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ ներկայ գտնուեցանք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 97-ամեակին նուիրուած գեղարուեստական հանդիսութեան, որ կը պարփակէր երգչախմբային կատարումներ, ջութակահարներու, կիթառահարներու եւ տհոլահարներու նուագակցութեան փառաւոր ներկայացումներ:
Պարզապէս հիացանք, ջերմ ու երկար ծափահարեցինք, «ապրիք» ու «պռաւօ»-ներով մեր հիացումն ու զմայլանքը դրսեւորեցինք:
Այս ամէնուն պարագային նկատի ունինք անկասկած այս թարմատի սերունդին ուսուցիչները, անոնց նուիրումը: Կայ նաեւ ծնողաց զոհաբերումը` յօգուտ մշակմանը եւ ազնիւ դաստիարակութեան իրենց հոգեհատորներուն:
Հրաշալի բառը գործածեցինք` առանց վերապահութեան: Երկու պատանիներ արտասանեցին, ըսենք` ասմունքեցին հայրենի բանաստեղծուհի Մետաքսէի եւ Ժաք Ս. Յակոբեանի Ապրիլեան մեր ճակատագրին նուիրուած քերթուած մը: Սէրուժ Յովսէփեան եւ Սագօ Եագուպեան: Բալիկ Լատոյեանի դաշնակի եւ Հրակ Տեմիրճեանի ջութակի նուագը լաւ խոստումներ ներշնչեցին: Դաշնակով տպաւորիչ նուագ մը ներկայացուց Սագօ Հալաճեան: Ալ ինչ ըսենք այդ մանուկ դհոլ նուագողներուն, պարման ու պատանի ջութակահարներուն, թաւջութակահարներուն եւ կիթառահարներուն, իւրաքանչիւրը` շնորհքի մը, տաղանդի մը արտայայտիչը: Կը հաւատանք, որ մեր անմեղ անմահ նահատակներուն հոգիներն ալ հրճուեցան այս աննախընթաց իրագործումներուն համար, հայուն աստուածաշնորհ զօրութիւնը արտայայտող:
Իրաւամբ կրնանք բացագանչել Պարոյր Սեւակի ձայնով. «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք»:
Հազա՜ր ապրիք, «Լեւոն Շանթ» մշակոյթի կեդրոնի մեծ ու փոքր հրաշք երիտասարդներ, պատանիներ եւ մանուկներ:
Թող յաւերժ հնչէ հայ երգը, թող միշտ ապրի նազանի հայ պարը, եւ շնչենք կոմիտասեան անմեռ երգերով, հայոց երթը հաստատող զօրութեամբ:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

