21 Ապրիլին Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Նահատակ Հայ Մտաւորականներու Յիշատակը
Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Շաբաթօրեայ մայրեր կազմակերպութեան անդամները 21 ապրիլին Պոլսոյ Կալաթասարայ հրապարակին վրայ հաւաք կազմակերպած են` նուիրուած մանուկներու տօնին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ հայ մտաւորականներու նահատակութեան տարելիցին:
Հաւաքի ընթացքին նշուած է, որ հայ հասարակութեան ամէնէն յարգուած դէմքերը` 220 մտաւորականներ Թալէաթ փաշայի արձակած հրամանով ձերբակալուած են ու տեղափոխուած Անգարա: Մարդկային իրաւանց միութեան ներկայացուցիչ Ներիման Տենիզ իր խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ «անոնցմէ ոմանք քշուեցան դէպի Չանքըրը, իսկ միւսները` Այաշ: Այդ մարդոցմէ 139-ը նոյնիսկ գերեզմանաքար չունին»:
Ոգեկոչման հաւաքին մասնակիցները արտասանած են նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի «Աղօթք» բանաստեղծութիւնը:
CATEGORIES Հայկական

