Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ Միացեալ Պաշտամունք` Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յիշատակին
Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովուական ժողովին երեքշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած միացեալ պաշտամունք:
Օրուան պատգամաբերն էր Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը 19-րդ դարու վերջաւորութեան սկսած էր նոր կեանք, նոր գարուն, նոր զարթօնք: Սկսած էր բանալ վարժարաններ, տալ մտաւորականներ, կղերականներ, կազմակերպել նոր գաղափարներ, տալ կուսակցականներ, տպել թերթեր, եւ այլն: Սակայն հայուն այս զարթօնքին յաջորդեց մարդասպանութիւն, ջարդ, աքսոր:
«Հայ ազգը իր նախահայրերուն հաւատքին վրայ հիմնուելով` սկսաւ նոր կեանք, նոր զարթօնք», հաստատեց Լ. Ֆիլեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարասկիզբին կատարուած դէպքերուն, ջարդերուն եւ ցեղասպանութեան իրագործման վրայ` նշելով կարգ մը երկիրներու տուած վկայութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան գծով, ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրած օգնութիւնները ջարդէն ճողոպրած հայերուն:
Ֆիլեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ազգի մէջ իւրաքանչիւր սերունդ պարտականութիւնը ունի գոյատեւման մէջ իր բաժինը բերելու` աւելցնելով, որ մենք պէտք է սորվինք մեր նախահայրերէն եւ փոխանցենք ինչ որ մեզի տուին, սորվինք հարուստ ժառանգը, գիտնանք անոնց պատմութիւնն ու հաւատքը եւ փոխանցենք յաջորդող սերունդին, որպէսզի անիկա եւս գիտնայ մեր մշակոյթը, մեր շինարար ազգ ըլլալը, եւ միանանք բոլորս, որպէսզի զօրանանք: «Մեր պարտականութիւնն է իբրեւ սփիւռքահայ ձեռք ձեռքի տալով միասին աշխատիլ, որպէսզի կարենանք գոյատեւել», եզրափակեց Լ. Ֆիլեան:

