Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գծով Շահեկան Զրոյց
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի լիբանանահայ աւանդներու ակումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 25 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, համալսարանի «Չէյլզ Հոսթլըր» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց մը` ներկայութեամբ դասախօսներու եւ ուսանողներու:
Զրոյց-բանավէճին նիւթն էր Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կառավարութեան, մասնագէտներու եւ հանրութեան կողմէ: Զրոյցին կը մասնակցէին թուրք ակադեմական դոկտ. Սելիմ Տերինկիլ եւ դոկտ. Ժան Կէօքճեան:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գուրգէն Քատեհճեան, որ հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն 97 տարիներ ետք հաւատարմօրէն պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութիւնը:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան հանդիսավար Վահիկ Սողոմեան, որ ներկայացուց հիւր զեկուցաբերները:
Զեկուցաբերներ դոկտ. Սելիմ Տերինկիլի եւ դոկտ. Ժան Կէօքճեանի ամփոփ զեկուցումէն ետք, ներկաները հարցումներու ընդմէջէն նիւթին շուրջ ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ:
Բանավէճին մասնակիցները շեշտեցին, որ թուրք հասարակութեան պէտք է հասնիլ` անոր ծանօթացնելով Թուրքիոյ պատմութեան իսկական էջերը, որոնք տարիներէ ի վեր ծածկուած են, եւ անոր միջոցով Հայոց ցեղասպանութեան արդար լուծում տալը այժմէական խնդիր է:

