Երիտասարդական Հաւաք ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի
Ուրբաթ, 20 ապրիլը յատկանշական օր մը եղաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին համար: Արդարեւ յետմիջօրէէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00-ը Սիսի եւ Արագածի ԼԵՄ-ական ընկեր-ընկերուհիները իւրայատուկ ձեւով նշեցին ապրիլեան Եղեռնը, անոնք զոյգ շրջաններու մուտքին, որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի Նապաա, կատարեցին հաւաք մը` ազգային երգերու սփռումով, յատուկ պաստառի վրայ ցուցադրելով օրուան պատգամը փոխանցող յուշապատկերներ, մինչ ձեռակերտ Ծիծեռնակաբերդին շուրջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, աւելի ուշ` թրքական դրօշի հրկիզում: Այս հաւաքը եզակի էր իր տեսակին մէջ, որովհետեւ երիտասարդները հայութեան եւ Լիբանանի` օսմանեան ու ապա թրքական պետութիւններէն կրած զրկանքներուն ու ջարդերուն միջեւ հորիզոն մը գծած էին, անոնք արաբերէն թռուցիկներ բոլոր անցորդներուն ցրուելով` զգաստութեան կը հրաւիրէին, թէ երէկուան օսմանեան Թուրքիան այսօրուան Թուրքիայէն ոչինչ կը տարբերի, նոյն ջարդարարն է, որ սպաննեց մեզ, ասորին, յոյնը, քիւրտը եւ լիբանանցին, վկայ` Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանը:
Այս քաջալերական ձեռնարկը խթան հանդիսացաւ երիտասարդ սերունդին` աւելի եւս կառչելու իր արմատներուն` թիրախ ունենալով մէկ ու միակ թշնամի Թուրքիան, այնքան ատեն, որ ան կ՛ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հատուցումը:
Երեկոն աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու խմբերգներով` ներկայ ժողովուրդին իսկ ոգեւորութեամբ: Քաջ գիտնալով, թէ ձեռնարկը հասաւ իր նպատակին, գոց սրահէն դուրս ելլելով հայ հանրութենէն աւելի, շրջանի բոլոր բնակիչներուն ԼԵՄ-ական ընկերները կարողացան փոխանցել իրենց պատգամը:
«Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանանք»:
ԸՆԿԵՐ ՄԸ

