Քայլարշաւ Եւ Ոգեկոչում` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» Մասնաճիւղին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին երէկ` չորեքշաբթի, 25 ապրիլին երեկոյեան ժամը 8:00-էն տեղի ունեցաւ քայլարշաւ Պուրճ Համուտի Արին կեդրոնէն մինչեւ Նահրի Նահատակաց յուշարձան: Արդարեւ, մեծ թիւով հայորդիներ Եռագոյններով, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ քալեցին մինչեւ յուշարձան` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը արտասանեց Գեղամ Բարսեղեան: Ան յայտնեց, որ պատմութիւնը մեզի ցոյց տուաւ, թէ օտարը մեր յոյսը պէտք չէ ըլլայ` հասնելու համար մեր նպատակին:
Մինչ Թուրքիան կը մնայ կառչած իր քաղաքականութեան` մերժելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, լուծումը կառչած մնալն է մեր սկզբունքներուն` պահել լեզու եւ գրականութիւն, արժէքներ եւ սրբութիւններ:
Բացման խօսքէն ետք Քրիսթին Սրապոնեան ընթերցեց «Անոնք չեն լռեր» ուղերձը:
Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ այս տարի արտակարգ եռուզեռ կայ 97-ամեակի նուիրուած նախաձեռնութիւններուն, որոնց հիմնական պատճառը նկատեց այն, որ ժողովուրդին զգացողութեան մէջ վախ մը կայ, որ կու գայ մեր դարաւոր թշնամիներէն վախ մը, որ մեր մէջ է այսօր, մեզի հետ է մեր գաղութներուն մէջ: Ան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիան քանի մը տարի առաջ նոր քաղաքականութիւն որդեգրեց` «զերօ հարցեր դրացիներուն հետ»:
Այդ ճանապարհին վրայ ան յարաբերութիւններ հաստատեց Հայաստանի հետ եւ ստորագրեց արձանագրութիւններ, որոնք զերօ խնդիրի կը վերածէին Հայ դատը եւ պարտութեան կը մատնէին Հայ դատի աշխատանքները, բան մը, որ կը նշանակէր, որ Հայաստան հաշիւ չունէր պահանջելիք Թուրքիայէն: «Այսօր թէեւ այդ արձանագրութիւնները մնացին միայն թուղթի վրայ, բայց մենք պէտք է պահանջենք, որ ետ վերցուի ստորագրութիւնը անոնցմէ», աւելցուց Տիգրան Ճինպաշեան:
Օրուան բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած դերակատարութեան, քաղաքական ճնշումներուն եւ ներթափանցումներուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ` շեշտելով, որ Թուրքիոյ կողմէ առնուած որեւէ քայլ նախամտածուած եւ ծրագրուած կ՛ըլլայ: Այս իմաստով ան փոխանցեց, որ պէտք է զգուշ ըլլալ եւ երբեք հաւատք չընծայել Թուրքիոյ խոստումներուն եւ խօսքերուն:
Իր խօսքին վերջին բաժինով ան խօսեցաւ Մ. Զարիֆեանի «Ծառ» բանաստեղծութեան մասին, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդը իր դարաւոր մշակոյթով եւ պատմութեամբ, իսկ այդ ծառին բունը կացինահարող չար մարդը թուրքն է, որ փորձեց արմատախիլ ընել մեզ, «բայց այդ բունէն նոր ծիլեր սկսան ծաղկիլ եւ այդ ծիլերը դուք էք, երիտասարդնե՛ր», ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան` աւելցնելով, որ այդ նոր ծաղկող ծիլերը պիտի ճիւղաւորուին եւ դարձեալ դառնան հաստաբուն ծառ: Իսկ այս օրերու այս աշխուժութիւնը կը ներշնչէ այդ յոյսը:
Իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը մէկ ճակատի վրայ պէտք չէ ըլլայ, այլ կրթական, մշակութային, արուեստի բոլոր մարզերուն մէջ պահանջատիրութիւն մտածումով եւ գիտակցութեամբ, մինչեւ հասնինք մեր տեսլականին` ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:
Բանախօսութենէն ետք ներկաները դիտեցին Ցեղասպանութեան մասին վիտէօ երիզ մը, որմէ ետք ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան պատանիները մեկնաբանեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, իսկ ԼԵՄ-ականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին նուագով` ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգով:


