Անթիլիասի Մայրավանքէն Թուրքիոյ Դեսպանատուն. Հաստատ Քայլերով Եւ Միակամ Բռունցքներով Լիբանանահայութիւնը Բողոքի Քայլարշաւով Արտայայտեց Իր Հաւաքական Ընդվզումն Ու Պահանջները

Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք ազգային խնդիրներուն շուրջ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ միակամ է: Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս հաւաքաբար ուխտեց ամրակուռ շարքերով շարունակել պահանջատիրական պայքարը եւ հաւաքական կամքով պահանջել հայութեան անփոխարինելի իրաւունքները:

Այս շրջագիծին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2012-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի շրջագիծին մէջ, մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութենէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն ետք, (տեսնել` առանձին), տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց-քայլարշաւ` մասնակցութեամբ շուրջ 25.000 հայորդիներու, որոնք առաւօտեան կանուխ ժամերէն հաւաքուած էին Լիբանանի տարբեր շրջաններէն:

Ցոյցին մասնակիցները Անթիլիասի Մայր տաճարէն ուղղուեցան դէպի Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը` կազմակերպուած եւ կարգապահ շարքերով: Ցուցարարները թրքական դեսպանատուն արշաւեցին ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն նուագակցութեամբ, ինչ որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:

Բողոքի հաւաքին ներկայ էին ծերերը, երիտասարդները, մայրերը, պատանիներն ու մանուկները: Բոլորը եկած էին Թուրքիոյ դեսպանատան ընդմէջէն թրքական իշխանութիւններուն փոխանցելու Հայ դատին նկատմամբ լիբանանահայութեան անփոփոխ կեցուածքը:

Ցուցարարները կրած էին ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էին. «Ճանաչումէն հատուցում. երթը կը շարունակուի», «Փախուստը միջոց չէ. Թուրքիան յանցաւոր է», «Ամօթ քե՜զ, Թուրքիա՛», «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք», «Էրտողան, իրաւունք չունիս խօսելու ժողովրդավարութեան մասին», «Մեր տունը Վանն է», «Թուրքե՜ր, գիտցէ՛ք ձեր իսկական պատմութիւնը», «Թալէաթ-Էրտողան. միեւնոյն Թուրքիան եւ միեւնոյն պատմութիւնը», «Ճանաչումի պահն է», «Արեւելեան Թուրքիան Արեւմտեան Հայաստանն է», «Լիբանանցիները պիտի չմոռնան Թուրքիոյ անցեալը շրջանին մէջ»…

Ապահովական խիստ եւ արտակարգ միջոցառումներու ներքեւ դէպի դեսպանատուն առաջնորդող երկու ուղիները փակուած էին, մինչ ճամբեզրին տեղադրուած էին փշաթելեր` արգիլելու համար ցուցարարներուն անցքը:

Ցուցարարները իրենց ազգային երգերով, կարգապահ շարքերով եւ բազմահազար ներկայութեամբ արդէն պատգամը փոխանցած էին:

«Ժումհուրիա» օրաթերթը «զոհը համակերպեցաւ, ոճրագործը չ՛ընդունիր» խորագիրով իր յօդուածին մէջ մէջբերեց ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի յայտարարութիւնը, ուր ան կ՛ըսէ, թէ «թրքական պետութիւնը դատապարտող հիմնաւորեալ ապացոյցներ ունինք մեր տրամադրութեան տակ»:

Մխիթարեան զարմանք կը յայտնէ, որ Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ընդունիլ իր գործած սխալը: «Եթէ Թուրքիա ընդունի, ներում հայցէ ու հատուցում կատարէ` այն ատեն կը դասուի քաղաքակիրթ պետութեանց շարքին ու կարելի կ՛ըլլայ լաւ յարաբերութիւններ մշակել (հայ եւ թուրք) երկու ժողովուրդներուն միջեւ: Իսկ քայլարշաւի ընթացքին Մխիթարեան ըսաւ. «Թուրքիա պիտի գիտնայ, որ վերջ ի վերջոյ պիտի ընդունի եւ հատուցում կատարէ»:

Իր կարգին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բազմաթիւ առիթներով ելոյթ ունեցաւ ու յայտարարութիւններ կատարեց լիբանանեան թէ միջազգային լրատուական ցանցերուն ու կայաններուն, ինչպէս` «ռատիօ Մոնթէ Քարլօ»-ին, «Էսոշիէյթըտ Փրէս»-ին, «Ռոյթըրզ»-ին, եւ այլն: Իր բոլոր յայտարարութեանց մէջ ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Թուրքիոյ կողմէ հողային, նիւթական ու բարոյական հատուցման գործադրումի անհրաժեշտութիւնը:

Քայլարշաւի ընթացքին, Բագրատունի ըսաւ. «Հպարտ ենք մեր ժողովուրդով, երանի թուրքին դէմ պայքարող այլ ժողովուրդներ ալ հետեւին մեր օրինակին: Մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք մինչեւ 100-ամեակ եւ անկէ անդին մինչեւ որ Թուրքիա ընդունի եւ հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին:

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան, մաղթեց որ յառաջիկային առիթ տրուի բոլոր փափաքողներուն` ազատօրէն մասնակցելու ցոյցին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի պահուն հաստատեց բոլոր ըսուածները` ընդգծելով, որ հայութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի շարունակէ իր պայքարը, մինչեւ արդարութեան հաստատումը:

Լիբանանեան եւ միջազգային մամուլին ներկայութեամբ երիտասարդները բռունցքները բարձրացուցին եւ Թուրքիայէն պահանջեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում` խոստանալով, որ իրենք պատրաստ են շարունակելու պահանջատիրութիւնը` առանց դադարի եւ յոգնութեան:

Բողոքի ցոյց-քայլարշաւի աւարտին, լիբանանահայ երիտասարդները, իբրեւ բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւն, քանի մը առիթներով հրկիզեցին թրքական դրօշը` ցոյց տալու համար, որ իրենք չեն կրնար յարգել պետութիւն մը, որ հաշտ չէ իր անցեալին հետ եւ չ՛ընդունիր իր գործած ցեղասպանութիւնը: Ցոյցը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած բողոքի ցոյց- քայլարշաւը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ լիբանանահայութիւնը իր համայնքներով, կուսակցութիւններով, միութիւններով, կառոյցներով եւ երիտասարդութեամբ կը մնայ Հայ դատի պահանջատիրութեան ռահվիրան, որ ամրապնդուած է հաւաքականութեան արժէքներուն եւ խնդիրներուն հետապնդման հոլովոյթով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES