Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Առիթով` Կեդրոնական Գաղութին Ուժի Ցուցադրութիւնը
Տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի թրքական դեսպանատուն քայլարշաւը եւ այնտեղ կազմակերուած բողոքի ցոյցը ապրիլ 24-ի օրը վերածեցին սփիւռքի կեդրոնական գաղութի ուժի ցուցադրութեան օրուան:
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Անթիլիասի Նահատակաց մատուռին առջեւ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գօտեպնդիչ պատգամով սկսած քայլարշաւ-բողոքի ցոյցը գրաւեց Անթիլիաս-Ռապիէ մայրուղին. քայլարշաւ-բողոքի ցոյցին մասնակից ցուցարարներու համրանքը լիբանանեան մամուլի ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ նկատուեցաւ իբրեւ բողոքի գործողութեան աննախադէպ տարողութիւն:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նախաձեռնութեամբ եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միջկուսակցական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ թրքական դեսպանատունը իբրեւ բողոքի հասցէ ընտրած զանգուածային ցոյցը յաջողեցաւ բազմաթիւ քաղաքական պատգամներ փոխանցել: Քայլարշաւ-ցոյցի փոխանցած պատգամներուն անդրադառնալու առիթ կ՛ունենայ մեր թերթը: Արձանագրել պէտք է, որ թրքական գործօնի աշխուժ վիճակը թէ՛ շրջանին եւ թէ՛ այս երկրին մէջ մղիչ հիմնաւորում էր այս տարուան ցուցական գործունէութեան նման դրսեւորումին, թիրախաւորումին եւ թրքական պետութեան լիբանանեան ներկայացուցչութեան առջեւ պահանջատիրական ելոյթին:
Բողոքի գործողութեան զանգուածային տարողութիւնը բնականաբար պիտի չվրիպէր միջազգային, շրջանային, թրքական եւ լիբանանեան լրատուամիջոցներու ուշադրութենէն:
Ցուցարարները անտեսելով կէսօրուան արեւը եւ ճամբուն զառիվեր ընթացքը իրենց ընդառաջումով տպաւորիչ զանգուածայնութիւն ապահովեցին քայլարշաւ-բողոքի ցոյցին: Ցուցարարները արագակշռոյթ քայլերով կը շտապէին հասնիլ թրքական դեսպանատուն: Տարեցն ու անչափահասը, կինը, երիտասարդն ու մանուկը` բոլորը համախմբուած պահանջատիրութեան միեւնոյն դրօշին տակ քալեցին դէպի թրքական դեսպանատուն եւ պահանջներու բարձրաձայնումով, երգերով եւ պաստառներով դատապարտեցին ցեղասպան պետութեան ժառանգորդներն ու ժխտողականութեան քաղաքականութեան լծուածները:
Լիբանանահայութիւնը հերթական անգամ փաստեց իր ուժականութիւնը եւ դրսեւորեց հաւաքական անխորտակելի կամք` թրքական պետութեան նախաձեռնած աշխուժութեան դիմաց չընկրկելու եւ աւելի ուժգնութեամբ բողոքելու, պահանջելու եւ իր բոլոր իրաւունքները վերականգնելու:

