ԼԻՊԻԱՑԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄՕՏ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

Զինեալ ըմբոստները` Պրիքայի մէջ

Լիպիացի ըմբոստներ քարիւղի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Պրիքա քաղաքին ուղղութեամբ հակայարձակողականի դիմելով վերատիրացան մէկ օր առաջ իրենց կորսնցուցած տարածքներուն:

Ճակատէն վերադարձող ըմբոստներ հաղորդեցին, որ Պրիքայի եւ Աժտապիայի միջեւ գտնուող Արպային փոքր դիրքին վրայ ըմբոստներուն եւ Քազզաֆիի ուժերուն միջեւ փոխադարձ ռմբակոծում տեղի կ՛ունենայ:

Ըմբոստները երեքշաբթի օր 40 քիլոմեթր նահանջելէ ետք դէպի Պրիքա յստակ յառաջխաղացք մը արձանագրեցին:

Մինչ զէնքերով բեռնաւորուած փոքր բեռնակառքեր Աժտապիայէն դէպի արեւմուտք` դէպի Պրիքա կ՛ուղղուէին, ՕԹԱՆ-ի կողմէ օդային հարուածներու չգոյութեան դէմ զայրոյթ յառաջացաւ: Ըմբոստներու մարտական ղեկավարներէն Ապտել Ֆաթթահ Եունես ՕԹԱՆ-ը ամբաստանեց օդային հարուածներ հրամայելու մէջ դանդաղ ըլլալուն համար` յայտնելով, որ Քազզաֆիի ուժերուն արտօնութիւն տրուած է շրջափակուած եւ մեկուսացած Միսրաթա քաղաքին մէջ քաղաքայինները ջարդելու:

Լիպիոյ գործողութիւններուն մէջ ՕԹԱՆ-ի փոխհրամանատար ծովակալ Ռասըլ Հարտինկ յայտնեց, որ  Լիպիա մեծ տարածք ունի, «ուստի եթէ մէկ-երկու շրջաններու մէջ չեն կրնար մեզ լսել կամ տեսնել, կրնամ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս այդ մէկը անվստահութիւն կը ստեղծէ»: Ան այդ կասկածները անտեղի նկատեց:

Միւս կողմէ, Թուրքիա յատուկ պատուիրակ մը Պենկազի ուղարկեց` Լիպիոյ ըմբոստներուն հետ հանդիպումներ ունենալու: «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Պահրէյնի մէջ յայտարարած է, որ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Էօներ Շէօլենլի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պատգամ մը պիտի փոխանցէ ըմբոստներուն:

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` ՊԵՆԿԱԶԻԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ԴԷՄ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ լիպիացի ըմբոստներ երեքշաբթի օր յարձակում գործած են Պենկազիի մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դէմ: Անոնք շրջապատած են շէնքը եւ պահանջած, որ թրքական դրօշը վար առնուի: «Անատոլու»ի հետ զրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ հիւպատոս Ալի Տաւութօղլու նշած է, որ իրենք դրօշը վար պիտի չառնեն: «Հաւաքուածները կ՛ըսեն, որ պիտի շարունակեն իրենց հաւաքը, քանի տակաւին թրքական դրօշը վար չէ առնուած: Մենք մեր դրօշը վար պիտի չառնենք: Անոնք ալ ատիկա ընելու համարձակութիւն չունին: Ներկայ պահուս շէնքին մէջ անվտանգութեան առնչուող որեւէ խնդիր չկայ: Առայժմ սպասողական վիճակի մէջ ենք», ըսած է ան:

Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, երեքշաբթի ցերեկուան ժամերուն խումբ մը զինուած ըմբոստներ հակաթրքական կարգախօսներ աղաղակելով յարձակած են հիւպատոսարանի շէնքին դէմ, պոկած են ցուցանակները, քարեր նետած եւ նիւթական վնասներ հասցուցած շէնքին:

Ըմբոստներուն կողմէ յայտարարութիւն կատարած է Մոհամետ Պայքուն, որ քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը այն բանին համար, որ ան դէմ արտայայտուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ` լիպիացի ըմբոստները զինելու առաջարկին:

Դէպքին առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սելճուք Ունալ, որ տեղի ունեցածը սադրանք նկատած է:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ըմբոստները յարձակած են նաեւ Լիպիոյ նաւահանգիստներէն մէկուն մէջ խարիսխ նետած թրքական նաւու մը վրայ: Թրքական կարմիր մահիկի բանբեր մը գերմանական «Տի. Փի. Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը դեղորայքով բեռնաւորուած նաւ մը Պենկազի ուղարկած էր, սակայն նաւը մեկնած է նաւահանգիստէն, երբ ըմբոստները վտարած են զայն` իբրեւ բողոք զիրենք զինելու գաղափարը մերժող Էրտողանի կեցուածքին:

Ըմբոստներուն համակիր «Պըրնիք» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ խումբ մը լիպիացիներ նաւահանգիստ ներխուժելով արգելք հանդիսացած են, որ թուրքերը նաւուն բեռը պարպեն, եւ պահանջած են, որ նաւը հեռանայ նաւահանգիստէն, որովհետեւ զայրացած են Էրտողանի այն յայտարարութենէն, որ անհրաժեշտ է զգուշանալ Լիպիոյ ըմբոստները զինելէն, որովհետեւ ատիկա կրնայ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ահաբեկչութեան վտանգը բարձրացնել:

 

Share this Article
CATEGORIES