ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՈՐՈՇԱԾ Է ԱՒԵԼՑՆԵԼ ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԵԼԻՔ ԳՈՒՄԱՐԸ
«Միկնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը որոշած է 2012-ին 15 առ հարիւրով աւելցնել Ողջակիզումէն վերապրած հրեաներուն յատկացուելիք գումարը: 2011-ին յատկացուած 110 միլիոն եւրոյի փոխարէն պիտի տրամադրուի 126.7 միլիոն եւրօ:
Ըստ Գերմանիոյ կառավարութեան եւ յանուն ֆաշականութեան զոհերուն բանակցող հրէական «Քլէյմզ Քոնֆըրընս» կազմակերպութեան միջեւ գոյացած նոր համաձայնութեան, վերոնշեալ գումարը տարուէ տարի պիտի աւելնայ: 2013-ին ան պիտի ըլլայ 136 միլիոն եւրօ, իսկ 2014-ին` 140 միլիոն եւրօ: Պերլին ընդհանուր առմամբ կը պատրաստուի վճարել 513 միլիոն եւրօ:
CATEGORIES Միջազգային