Հայաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Եւ Տասնեակ Հազարաւոր Հայորդիներ Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին
Ծիծեռնակաբերդը տարբեր պատկեր կը պարզէր 24 ապրիլի օրը: Արդարեւ, բազմահազար ժողովուրդ` ծաղիկները իրենց ձեռքին, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն դիմաց խոնարհած գլուխներով կ՛ուղղուէին դէպի անմար կրակը, որպէսզի անգամ մը եւս ուխտեն հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ անմար պահել զայն իրենց սրտերուն մէջ:
Մարդոց ողողուած եւ պատուած էր համայն համալիրը: Առաւօտեան շատ կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ատեն Ծիծեռնակաբերդը իր գիրկը առաւ հայ եւ օտար մեծ թիւով անձեր, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ դիւանագէտներ:
Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած ոճիրին` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն հոգեւոր դասին կողմէ եւ հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Բարձրաստիճան պաշտօնեաները գլուխ խոնարհեցին եւ վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին հայ ժողովուրդի 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը:
Ծիծեռնակաբերդի մէջ կը գտնուէին օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:
Անմար կրակին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան նախարարութիւններու, տարածքային կառավարման մարմիններու, պետական տարբեր կառոյցներու, քաղաքական ուժերու, ուսումնական հաստատութիւններու, գիտնականներու, արուեստի գործիչներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անունով:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, դիտեց «Գիրքը իբրեւ Ցեղասպանութեան վկայ» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը, որ կը ներառէ շուրջ 300 հնատիպ ու սկզբնաղբիւրային նշանակութեան տպագիր փաստագրական նիւթեր:
Ցուցահանդէսը կազմակեպուած է հայ գրատպութեան 500-ամեակի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը 2012 թուականի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելու առիթով:
Թանգարան-հիմնարկին մէջ նախագահին ներկայացուցին թանգարանի` ցուցադրական աւելի մեծ կարելիութիւններով նոր մասնաշէնքի նախագիծը:

