Ս. Էջմիածինի Մէջ Ս. Պատարագ` Հայոց Մէկուկէս Միլիոն Նահատակներուն Յիշատակին
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս` թեմակալ առաջնորդներուն եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբաններուն ուղեկցութեամբ, 24 ապրիլին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու բիւրաւոր հայ նահատակներու յիշատակին:
Յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` վեհափառին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ հայոց պետական աւագանիին:
Նոյն օրը Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն պատարագիչն էր Ս. Էջմիածինի միաբան Նաթան եպս. Յովհաննիսեան: Արարողութեան ընթացքին սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` նշելով, որ 1915-ին հայ ժողովուրդը կանգնեցաւ այն մեծ փորձութեան առջեւ, որ կը կոչուի Ցեղասպանութիւն, եւ դարձաւ նահատակ: Ան ընդգծեց, որ 20-րդ դարը մարդկային կեանքին մէջ յառաջընթաց բերելու փոխարէն, սկսաւ մեծագոյն ոճրագործութեամբ ոչ միայն հայ ազգին նկատմամբ, այլեւ համայն մարդկութեանեւ քաղաքակրթութեան: Սրբազանը աւելցուց, որ 24 ապրիլին հայը կորսնցուց իր մտաւորականութիւնը Պոլսոյ մէջ, այն ժամանակ, երբ կը ծրագրուէր գլխատել հայը իր մշակոյթով եւ գլուխով, որպէսզի տիրանան նաեւ մարմինին, սակայն` ոչ: «Հայ ժողովուրդը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ բարձրացաւ Գողգոթա, խաչուեցաւ, պայքարեցաւ եւ Անոր հետ երրորդ օրը յարութիւն առաւ: 20-րդ դարու սկիզբը, 1915-ին` Գողգոթա հայոց, սակայն ոչ մահ ազգին, տառապանք եւ սուգ, սակայն ոչ վերջը ժողովուրդին», շեշտեց Նաթան եպիսկոպոս:
Սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդի վրէժխնդրութիւնը ոչ թէ արիւնով եւ մահով պէտք է ըլլայ, այլ կեանքով ու ստեղծագործութեամբ, հայրենիքի պայծառութեամբ եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի բարօրութեամբ: «Այսօր մենք վրէժխնդիր ենք մեր հայրենիքով, մեր ժողովուրդով, մեր մշակոյթով եւ արդարութեան համար մեր պայքարի շարունակականութեամբ: Այսօր հայ ժողովուրդը ոչ թէ կը գոյատեւէ, այլ կ՛ապրի իբրեւ ժողովուրդ, իբրեւ մշակոյթի ստեղծող, իբրեւ մարդկային ազգի կարեւոր մաս», յայտնեց սրբազանը` պատգամելով վրէժխնդիր ըլլալ հայրենիքը կառուցելով, Հայաստանը յարատեւ պահելով, ատիկա սիրելով ու փայփայելով, որովհետեւ ատիկա է հայ ժողովուրդի յաւիտենութեան գրաւականը:
Ս. պատարագի աւարտին Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարին մօտ շինուած Հայոց ցեղասպանութեան Աղօթքի եւ ուխտի խաչքարին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, որուն նախագահեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Ս. պատարագին եւ հոգեհանգիստին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ պապական նուիրակ Մարեք արք. Սոլչինսքի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան:

