50 տարի առաջ ( 27 ապրիլ 1962 )

Խմբագրական

Սփիւռքը Տէրն Է
Իր Ճակատագրին

Հայ կեանքը, երկրէ երկիր, ներկայիս կը պարզէ դրական երեւոյթներու շարք մը, որ եթէ հակադրենք մեր իրականութեան հետ առնչութիւն ունեցող կարգ մը տխուր երեւոյթներու, լաւատես ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ կը գտնենք:

Անկախ հայրենիքի վերելքէն, որ առաւելաբար արդիւնքն է հայ ժողովուրդի շինարար եւ ստեղծագործ տաղանդին եւ բարեմասնութիւններուն, այդ վերելքին զուգահեռ, անոր նպաստող, զայն ամբողջացնող երեւոյթ է վերջին տասնամեակներու ընթացքին սփիւռքի հայութեան արձանագրած նուաճումներու գումարը, որ անտարբեր չի կրնար թողուլ մեր կեանքին մօտէն հետեւողները:

Տարբեր եզրակացութեան յանգիլ` ի տես սփիւռքահայ կեանքի դրական երեւոյթներուն, կը մատնէ անբուժելի յոռետեսութիւն մը կամ դիտումնաւոր վերաբերում մը` հանդէպ մեր իրականութեան: Այդ յոռետեսներուն համար, գաղթաշխարհի հայութիւնը օրէ օր կը հիւծի, կը սպառի, լեզուն հետզհետէ կը տկարանայ, մշակոյթը նոր ընձիւղներ չի տար:

Պատկերը ամբողջացնելու համար անոնք կը փորձեն սփիւռքը հակադրել հայրենիքին` արտասահմանի համար միշտ աննպաստ եզրակացութիւններով: Մինչդեռ անկաշառ ու անաչառ մօտեցում մը աներկբայօրէն ցոյց պիտի տար, թէ նկատի ունենալով բոլոր պայմանները եւ կարելիութիւններու համեմատութիւնը` սփիւռքը որեւէ ձեւով անմասն չի մնար հայ ժողովուրդի ընդհանուր յառաջդիմութենէն, գլխաւորաբար` մշակութային մարզին մէջ:

Վերջին քառասնամեակին, ջարդերէն ու հրդեհներէն փրկուած, սփիւռքի հայութիւնը ցրուեցաւ երկրէ երկիր: Ու հազիւ տուն տեղ եղած, հազիւ երդիք մը գտած իր գլխուն վերեւ, շնորհիւ հիւրընկալ երկիրներու ասպնջական վերաբերումին, այլ մանաւանդ իր անխոնջ աշխատանքին, ձեռնարկեց ազգային կեանքի կազմակերպման, յաճախ` շատ դժուարին պայմաններու մէջ:

Այս ճիգին մենք մասնաւորաբար ականատես եղանք Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ուր հայութիւնը, յատկապէս վերջին քառասնամեակի ընթացքին, իր բոլոր յարանուանութիւններով եւ հատուածներով, գնահատելի վերելք արձանագրեց` շնորհիւ ազգային ընդհանրական շահերուն հանդէպ իր խոր գիտակցութեան, որ հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ:

Այս գիտակցութեան շօշափելի արդիւնքն են այն բազմատասնեակ եկեղեցիներն ու դպրոցները, որոնք մեր հանրային կեանքի ամուր կռուանները կը հանդիսանան:

Անշուշտ մեր կրթական գործը ունի իր թերիները, տակաւին երկար ճամբայ կայ կտրելիք` հասնելու համար նախանձելի վիճակներու, բայց այժմէն իսկ ամէն երաշխիք կը տրուի մեզի` լաւատես ըլլալու ապագային նկատմամբ:

Կրթական գործին առընթեր, մասնաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ, որոնք սփիւռքի հայութեան կորիզը կը կազմեն, անհամար է թիւը զանազան հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ընկերակցութիւններու, որոնք իրենց բազմաճիւղ ձեռնարկներով եւ գործունէութեան այլազան դաշտերով մէկ նպատակի կը ձգտին. հայ ապրելու եւ հայ մնալու հնարաւոր պայմաններ ստեղծել հիւրընկալ երկիրներու մէջ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը, բոլոր ազատատենչ ժողովուրդներուն նման, հասնի իր գերագոյն երազին:

Հայապահպանման այս ճիգը, որ զգալի է ամէնուրեք եւ յատուկ` հայկական բոլոր հատուածներուն, որոնք երբեմն խոր տարակարծութիւններով բաժնուած են իրարմէ, ինքնին ապացոյց մըն է, որ կարելի է վստահութեամբ նայիլ հայկական սփիւռքի ապագային, այն ապահովութեամբ, որ սփիւռքը տէրն է իր ճակատագրին:

Այս վստահութիւնը իր շօշափելի ապացոյցները կը գտնէ ամէն օր մեր կեանքին մէջ, երբ նոր դպրոց մը կը շինուի, մշակութային նոր ձեռնարկ մը կը յաջողի` նոր բարձունքներու նուաճման խոստումով:

Ոգեկոչում ապրիլեան
նահատակներու

Ս. Նշան ազգային բարձրագոյն վարժարանի Շրջ. միութեան կազմակերպած հանդէսը, նուիրուած ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման, տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի:

Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր:

Հանդէսին բացումը կատարեց Շրջ. միութեան վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Սրապեան: Իր բացման խօսքին մէջ 1917-ին տպագրուած եւ ապրիլեան Եղեռնը յուշագրող գրքի մը էջերէն մէջբերում մը ըրաւ ականատես ծերունիի մը մէկ նամակէն, որ կը պատգամէր հայու անընկճելի հաւատքով. «Աստուած օր մը մեր ժողովուրդը պիտի ազատէ…»:

Յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ կենդանի պատկերով մը: Յուզող տեսարան մը, արդարեւ: Թուրք ժանտարմա մը, սուրը ձեռքին, երիտասարդ մը սպաննելու դիրքով, մայր մը իր պզտիկը գրկած` փախուստի կը դիմէ, մինչ հայ օրիորդ մը բռնած է արմաւենիի ճիւղ մը: Բեմին ետեւէն խորհրդաւոր մրրիկին ձայնը խորապէս կը յուզէ հանդիսականները, որոնք պահ մը կ՛ապրին այն ահաւոր ողբերգութիւնը, որուն ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը 1915-ի ապրիլեան տխուր օրերուն:

Առաջին բանախօսն էր, Անթիլիասի դպրեվանքի հայոց լեզուի դասատու Եդ. Տասնապետեան:

Իր բովանդակալից բանախօսութեան մէջ ան պատմականը ըրաւ համաթուրանական շարժման` հասնելով մինչեւ Պալքանեան պատերազմ: Փաստերու ճշգրտութեամբ եզրակացուց. «Ինչո՞ւ ջարդեցին: Որովհետեւ համաթուրանական ազգայնականութիւնը, որ զարգացած էր եւ կը հասնէր մինչեւ Ազրպէյճան, երկարող շղթայ մըն էր, ու այդ տարածութեան մէջ ամէն մէկ արգելք օղակ պէտք էր վերցուէր: Հայը այդ օղակին կարեւորագոյն մասն էր: Ոմանք կը կարծէին, թէ մեր յեղափոխական շարժումն էր պատճառը ապրիլեան ահաւոր ոճիրին: Յեղափոխութիւնը առանց ջարդի կարելի էր զսպել քանի մը զօրեղ բանակներով: Ու ջարդը տեղի ունեցաւ 1915-ին: Մինչդեռ հայութիւնը ջնջելու որոշումը տրուած էր Պալքանեան պատերազմէն ետք: Նախապէս որոշուած էր ու ծրագրուած: Ոչ թէ պատերազմը պատճառ եղաւ ջարդի, այլ պատերազմը սպասուած առիթն էր ծրագրուած որոշումը գործադրելու»:

Էլիզ Մանուկեան գրաւիչ ապրումով մեներգեց հայաստանեան երգերէն:

Երկրորդ բանախօսն էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի դասախօսներէն Վարդան Գրիգորեան:

«Ամօթ չէ ապրիլ 24 ունենալը,- ըսաւ երիտասարդ բանախօսը,- ամօթ չէ, որ նահատակուեցանք: Ապրիլեան Եղեռնի այս սգահանդէսները այլեւս պէտք չէ ըլլան յուզումի ու լալու հանդէսներ: Բարոյական յաղթանակի հանդէսներ պէտք է ըլլան: Փաստն այն է որ կ՛ապրինք, կը գոյատեւենք: Ֆիզիքապէս կորսնցուցինք, բայց բարոյապէս մեծ յաղթանակ մը արձանագրեցինք: Այս յաղթանակի ոգին պէտք է դառնայ յարատեւելու, մեր գոյութիւնը պահելու այն մղիչ ուժը, որ պիտի առաջնորդէ հայ ժողովուրդը մինչեւ իր գաղափարներուն իրականացումը:

Գէորգ Պուրսալեան յուզումով մեներգեց «Հիմի՞ էլ լռենք»-ը:

Մեներգներուն դաշնակով իր ընկերակցութիւնը բերաւ Արփի Թելեան:

Շատ յաջող էր Շաքէ Թոքաթլեանի արտասանութեամբ բեմադրուած կենդանի պատկերը, որ լարուած հետաքրքրութեամբ յուզեց ներկաները: Թաթուլ Այնեճեան քահանայի դերով, Արփինէ Պարսումեան մօր դերով եւ Աղաւնի Վարժապետեան աղջկայ դերով, կրցան տալ այն բնական խաղարկութիւնը, ուր զանգերու ղօղանջին տակ յուզիչ տեսարան մը կը ներկայացուէր սարսափի օրերու ապրումով: Ու յանկարծ դուռը կը զարնուի, կը սոսկան, սակայն կը յայտնուի, որ երեք հայ ֆետայիներ են, որոնք կու գային պաշտպանելու զիրենք:

Այս շքեղ ու տպաւորիչ հանդէսին փակման խօսքը ըրաւ սրբազան հայրը:

«Թուրքը կրցաւ մեր ֆիզիքականը ճզմել, բայց հոգեկանը չկրցաւ: Այսօր նոր վարդապետութիւններ կ՛ուզեն մեր հոգին սպաննել: Պէտք է միասնական կամքով, հայու վայել կեցուածքով ու գիտակցութեամբ պահել գիտնանք մեր ժառանգած ցեղային արժանապատուութիւնը` գոյատեւելու համար, առանց ընկրկելու, պայքարելով մեր հոգեկան գոյութեան սպառնացող վտանգին դէմ»:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES