Անխուսափելի Ճակատամարտի Մը Սեմին (Լիբանանահայ Վարժարաններու Թուային Պատկերներ) Գ. Բաժին

ՏՕՆԻԿ Տ.

Գաղութներու, հաւաքականութիւններու, խմբաւորումներու մօտ թուային ու քանակական տուեալները կարեւոր տեղ ստացած են ռազմավարութիւններ մշակելու գործընթացին մէջ: Թիւերու հիման վրայ է, որ կ՛ուսումնասիրուին անոնց պէտքերը եւ կը նախատեսուին արդիւնքները: Նոյն սկզբունքը կարելի է կիրարկել նաեւ վարժարաններու վրայ: Օրինակ, երբ տուեալ հաւաքականութիւն մը իր կրթական ծրագիրը մշակելու ընթացքին ունի երկու վարժարան, եւ ուսումնասիրութեանց հիման վրայ կը նախատեսէ յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին ունենալ որոշ աշակերտութեան թիւի աճ, զանոնք ներգրաւելու համար կը ձեռնարկէ երրորդ վարժարանի մը հիմնումին… կամ, երբ պատկերը կը շրջի, եւ աշակերտութեան թիւի նուազումը նախատեսելի է, երկրորդ վարժարանի փակումը անհրաժեշտ կը դառնայ: Պատկերը նոյնը չէ լիբանանահայութեան պարագային: Վերջին տասը-քսան տարիներու ընթացքին լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ անոր վարժարանները յատկապէս նման երեւոյթներու դէմ յանդիման գտնուած չեն` բացի մէկ-երկու պարագաներէ:

Քիչ թիւով պարագաները նոյնիսկ եղած են պատահաբար թերեւս, եղած են այն ատեն միայն, երբ դանակը հասած է ոսկորին, երբ դպրոցի ուսուցչական կազմի ու պաշտօնեաներուն թիւը գերազանցած է աշակերտութեանը: Վերջին նշումը թերեւս ծիծաղելի ու չափազանցուած թուի ոմանց համար, սակայն անոր ճշմարտութիւնը անհերքելի է:

Հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւերը թէեւ լաւագոյն ձեւով պէտք է ներկայացնեն գաղութին թուային պատկերը, սակայն այսօրուան դրութեամբ հայ աշակերտութեան օտար վարժարաններ յաճախելու ամօթալի երեւոյթը կը պղտորէ պատկերը. այսուհանդերձ, հայ աշակերտութեան թիւերը վիճակագրական իմաստով կը մնան կարեւոր տուեալ մը` ընդհանուր պատկերը տեսնելու համար:

Այս գրութիւնը որեւէ նպատակ չի հետապնդեր ոեւէ մէկը հարուածելու կամ գաղութին թուային պատկեր մը յայտնաբերելու կամ յանցաւորներ գտնելու, այլ պարզապէս հայ աշակերտութեան թուային պատկերը ցոյց տալով` կը միտի ուշադրութիւնը գրաւել բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են այս հաւաքականութեան ապագայով: Ասիկա  հրաւէր մըն է թերեւս տուեալներու հիման վրայ գործելու ու ծրագրելու  փայլուն ու նուազագոյնը կայուն ապագայ մը ունենալու համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 30 հայկական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտութեան թուային պատկերը, 2011-2012 տարեշրջանի ընթացքին, եւ բաղդատական մը` 2001-2002 տարեշրջանին հետ:

* 2001-2002 տարեշրջանի թուային տուեալները առնուած են Ժիրայր Դանիէլեանի «Լիբանանահայ դպրոցը` թիւեր եւ մտորումներ» գիրքէն, 2002-ի հրատարակութիւն:

** Առաջին հերթին հարկ կը նկատեմ նշել, թէ Ռուբինեան վարժարանի 2011-2012 տարեշրջանի մարտ ամսուան ընթացքին դպրոցի աշակերտութեան թիւը կը նուազի մէկ աշակերտով, ուր 4-րդ դասարանէն աշակերտ կը լքէ իր դպրոցական կեանքը եւ կ՛անցնի գործի ասպարէզ (4-րդ դասարան, 11 տարեկան), եւ առանց մտնելու աշակերտին դպրոցը լքելու պատճառներուն մէջ` պարզապէս յայտնեմ, թէ այս խնդիրը պատասխանատու մարմիններուն սեփականութիւնը պէտք է դառնայ: Թէեւ նշեալ խնդիրը իւրայատուկ չէ, հաւանաբար այլ վարժարաններու մէջ նախապէս պատահած երեւոյթ մը ըլլայ:

*** Նկատելի է, թէ Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի աշակերտութեան թիւը աճ արձանագրած է (+41), նոյնպէս` Հայ աւետարանական քոլեճը (+23): Սակայն անոր արդիւնքը վստահաբար Թրիփոլիի մէջ հայ ընտանիքներու հաստատուիլը չէ, այլ պարզապէս օտար` լիբանանցիներու մուտքը ազգային վարժարան:

Տասը տարիներու ընթացքին ազգային վարժարանները 30 առ հարիւր կորուստ արձանագրած են…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES