Ձախող Փորձ… Խմբուելու Ոգի
Ս. ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
«Իմ սուրբ արիւնակիցներ, սփիւռքի` յատկապէս երիտասարդութի՜ւն, հոգեւին սեղմում եմ ձեզ սրտիս սրտին: Համբուրում եմ ձեր հայկական չաղարտուած ոգիները, գիշերն ի բուն մտաշխարհիս մէջ աղօթում եմ, որ միշտ ու միշտ հանապա՜զ հայ մնաք` մինչեւ ողջ ազգի խմբուիլը մեծ հայ` Մասիսի շուրջ»:
Յ. ՇԻՐԱԶ
20-րդ դարուն Թուրքիոյ գործած ոճիրը` Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձաւ Հայկական հարցի հիմքը, որմէ ետք Հայկական հարցը բոլորին մտքերուն մէջ ընդհանրապէս դրոշմուեցաւ ու ճանչցուեցաւ իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Պարզապէս որովհետեւ նախքան Ցեղասպանութիւնը Հայկական հարցի լուծումը հայ ժողովուրդին կու տար կարելիութիւն ապրելու բարեկեցիկ կեանք, ազատօրէն խօսելու եւ ընտրելու իրաւունքներ, հողերու արդար բաժանում եւ այլն… փաստն ալ` հիմնադրութիւնը, խումբերու եւ կուսակցութիւններու, որոնք պիտի աշխատէին վերոյիշեալ նպատակներու գործադրութեան համար, բայց Ցեղասպանութիւնը եկաւ ու կործանեց բոլոր յոյսերը եւ փոխարինեց բոլոր նպատակները: Ուրեմն աւելի փայլուն նպատակներու ներկայութիւնը կախեալ պիտի ըլլար ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան հարցի լուծումէն, ուրեմն հարկ էր հոգիները արթնցնել, ներշնչել ու խրախուսել:
Թուրքը եւ իր դաշնակիցները փորձ մը կատարեցին բնաջնջելու հայ ժողովուրդը եւ դուրս դրին հայը` հայկական բարձրաւանդակէն, հետեւաբար հիմնուեցաւ հայկական սփիւռքը: Շնորհիւ հայ սփիւռքին է, որ համայն աշխարհը ծանօթ դարձաւ Հայկական հարցին: Անոնք ճիգ չխնայեցին, կարելի ու անկարելի ամէն տեսակ միջոցներով լուծելու հայկական խորքը հանդիսացող հարցը. սփիւռքի աշխուժութեան ու պահանջատիրութեան ոգին մեծ դեր խաղացին Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման մէջ: Սփիւռքի ներկայութիւնը ապացոյց է թուրքին ձախողութեան, անոր խաղացած դերակատարութեան հզօրացումը կը ջնջէ բոլոր կասկածները:
Սփիւռքը թուրքին գործած ոճիրին արդիւնքն էր. վստահաբար առանց անդրադառնալու թուրքը կազմել տուաւ հայու աւելի ուժեղ ու կանգուն հոգի մը, մարդկութեան դէմ տարած իր ոճիրէն անդին երբ սկսաւ գործադրել մշակութային ջարդեր, աւելիով գօտեպնդեց գաղութներու մէջ պահանջատիրութեան ոգին:
Հայ սփիւռքի տարած ճիգերը կը սահմանուին օտար պետութիւններու, հաստատութիւններու ու միութիւններու ծիրին մէջ: Հողային ու արեան հատուցման ճիգերը պէտք է ստանան աւելի պետական դիմագիծ: Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան տանելիք գործն է, այլապէս սփիւռքը կը դառնայ կէտ մը շատ մը հզօր պետութիւններու, խոստումներու, ընտրական աշխատանքներու, քաղաքական գրաւներու, եւ երբեմն ժամանցի ցանկերուն վրայ: Հետեւաբար բոլորս կաշկանդուած կը մնանք Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ով եւ «օտարէն ֆայտա չկայ»-ով, որոնք յաճախ մեր ականջներուն մէջ կը լսուին, շատ անգամ մեր խօսքերուն մէջ կը կրկնուին եւ դժբախտաբար շատ աւելի նուազ կը գործադրուին:
Վստահաբար թուրք պետութիւնը «ապուշ ու տգէտ» պետութիւն մը չէ, հոս կ՛ուզեմ ասիկա ուշադրութեան յանձնել բոլոր անոնց, որոնք յաճախ իրենց խօսակցութեան ու մտածումին մէջ այս մօտեցումը ունին Թուրքիոյ հանդէպ` առանց նկատի առնելու անոր տարած քաղաքականութիւնը: Թուրքը իր պատմութիւնը գիտէ եւ այդ պատճառով է, որ կը հերքէ զայն, մեծ ճիգերով կը փորձէ ժխտել իրականութիւններն ու պատմութիւնը, հսկայական աշխատանքները կը տանի իր երիտասարդական շարժումներուն վրայ, կը պատրաստէ անձնազոհութեամբ ու վճռակամութեամբ լեցուած երիտասարդներ. փաստն ալ ցեղապաշտական եւ հակահայ վերջին քարոզարշաւն է, որ կատարուեցաւ Պոլսոյ մէջ: Բոլոր կարելի ձեւերով ընդհանրապէս (աժան մշակոյթ ու զգեստներ) կը փորձեն ներթափանցել աշխարհի հսկայ երկիրները եւ անոնց վերջին ու շահաբեր թիրախը արաբական աշխարհն է:
Սփիւռքը իր դիմագրաւած բոլոր խոչընդոտներով` օտարամոլութիւն, համաշխարհայնացում, ի վերջոյ եւ արագօրէն կրնան այլակերպել հայ երիտասարդին հոգին ու մտաշխարհը: Պէտք է մինչ այդ պայքարիլ գոնէ Շիրազին պատգամը կատարելու սիրոյն, որպէսզի բոլորս հաւաքուած ըլլանք Մասիսի շուրջ, ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելու նպատակով. սակայն երբե՛ք սխալ չըլլար դէմ կենալ թուրքին ներթափանցումին մինչեւ այդ երազի իրականացումը: Հրամայական է մշակոյթը աշխուժացնել ու անոր հարստութեամբ լիցքաւորուիլ, պահել արժանիքները` լեզու, կրօնք, պատկանելիութիւն: Պահանջատիրութեան հոգիիին չափ կարեւոր դեր պիտի խաղայ նաեւ հայ ազգասէր ու մշակութասէր հոգին ալ. առանց այս վերջիններուն Հայկական հարցին վրայ կ՛աւելնայ շատ աւելի բարդ ու անլուծելի հարց մը…:

