Կոմիտաս Վարդապետ
Նստած այդ կոճղին վրայ, որ կարծես քեզ կը գրկէ
Կը խոկաս կեանքի մասին…
Կանաչութիւնն աննման շուրջդ մեղմօրէն կ՛երգէ
Քաղցր երգեր ազգային…
Ու ձեռքերդ ծունկերուդ, նստած ես դուն թախծադէմ
Աշխարհիդ մէջ ամայի…
Լուռ ես լիճի մը նման, բայց կը զգամ, որ ձայնդ ջերմ
Ականջներէս կը սահի…
Արարատին հետ ահա, կը նայիմ ցաւոտ դէմքիդ
Ուր տխրութիւնն է հանգչած…
Որքա՜ն հանդարտ կը թուիս, բայց ալեկոծ է հոգիդ
Ազգին վիշտով տառապած…
Ա՜խ, որքա՜ն արիւն տեսան այդ աչքերդ տրտմագին
Որքա՜ն արիւն, տառապանք.
Դէմքիդ վրայ կը կարդամ ցաւը այս սեւ աշխարհին
Որմէ այսօր կը վախնանք…
Հայոց ազգը քեզի հետ նստած է կոճղին վրայ,
Ամբողջ ազգը կոտորուած…
Իր անմար յիշատակով հիւանդ սիրտս կը դողայ
Տեսնելով դէմքդ յոգնած…
Բայց դուն կ՛ապրիս մեզի հետ, ամէն վայրկեան, ամէն տեղ
Մեր սրտերուն մէջ` յաւէտ.
Դուն շունչն ես մեր ու յոյսը, ո՜վ պատուելի, հանճարեղ,
Ո՜վ Կոմիտաս վարդապետ…
ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Երեւան 2011

