Ցեղասպանութեան Գաղափարական Հիմքերը

ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութիւնը անմիջական արդիւնքն է թուրք ազգայնականութեան եւ միաձոյլ թուրք պետութեան ստեղծումի տեսլականին: Այս յօդուածը ներկայացում մըն է Թուրքիոյ ազգայնականութեան պատմութեան եւ զարգացման` մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն:

Թուրքերը պատմութեան մէջ կը յիշուին իբրեւ թափառաշրջիկ բարբարոս ցեղեր, որոնք Կեդրոնական Ասիայէն թափանցած են Միջին Արեւելք: Ինչպէս որեւէ թափառաշրջիկ ցեղի պարագային, թուրք ցեղերն ալ հիմնուած էին տոհմական դրութեան վրայ: Այս դրութեամբ թուրքերը կրցած են պահել իրենց ցեղային յատկութիւնները:

15-րդ դարը անկիւնադարձային եղաւ թուրքերուն համար: Արդարեւ, Պոլսոյ գրաւումով թուրքերը թափառաշրջիկի կեանքէն անցան նստակեաց շրջան: Անոնք ստեղծեցին կայսրութիւն, որ զարգացաւ ու բարգաւաճեցաւ: Կայսրութեան ընդարձակումը կը յանգէր բազմաթիւ ազգերու գոյութեան Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Այսպէս, թուրքերը թափառաշրջիկ շրջանին պահած իրենց ցեղային յատկութիւնները կրնային զիջիլ օսմանեան յատկութիւններու ստեղծումին: Սակայն այդ չէր, որ պատահեցաւ, որովհետեւ համաշխարհային առումով կայսերապաշտութեան շրջանը սկսած էր կերպարանափոխուիլ: Արդարեւ, սկսած էին հիմնուիլ ազգ-պետութիւններ, որոնք յաճախ կ՛ունենային իրենց գաղութները:

18-րդ, 19-րդ դարերուն Եւրոպայի զարգացումը,  գիտական թէ քաղաքական առումով, զմայլանք պատճառեց թուրքերուն. արդարեւ, անոնց համար Եւրոպան դարձաւ ուժի եւ զարգացման հոմանիշ, եւ անոնք սկսան կրել այս զարգացումին արդիւնքները: Դպրոցներն ու համալսարանները սկսան բազմանալ Թուրքիոյ տարածքին: Այսպէս, թուրքը սկսած էր փորձ մը ընել իր դարերու տգիտութիւնը փոխարինելու եւրոպական գիտնականութեամբ մը, որդեգրելով պատահական ուժի գործածութիւնը` կազմակերպուած զինուորական կառոյցը: Այս անցումը այնքան ալ հեզասահ չընթացաւ, երիտասարդ Թուրքիան այս նոր գաղափարները յաճախ սխալ կը մեկնաբանէր ու կը գործադրէր:

Այստեղ հետաքրքրական է անդրադառնալ այն գաղափարներուն, որոնց վրայ կը հիմնուէր թուրք ընտրանին, եթէ կարելի է կոչել մտաւորականութիւնը, յատկապէս որովհետեւ այդ կը ձգէ շատ աւելի պարզ ձեւով հասկնալու Ցեղասպանութեան դրդապատճառները:

Ինչպէս արդէն ըսինք, ազգ-պետութիւններու գոյութիւնը խորապէս սկսած էր ազդել թուրքերուն վրայ, որոնք այնքան ալ վարժ չէին ոչ ցեղակիցներու հետ ապրելու: Այս շրջանին ազգ-պետութիւնները սկսան բազմանալ յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Տեղին է աւելցնել գերմանացի նշանաւոր զօրավար Վոն տէր Կոլշթի գաղափարները եւ անոնց ազդեցութիւնը Թուրքիոյ վրայ:  Վոն տէր Կոլշթ Թուրքիոյ բանակի խորհրդականն էր: Անոր գլխաւոր գաղափարը գերմաներէնով «Das Wolf in Waffen»-ն է, որ բառացի թարգմանութեամբ կը նշանակէ «ազգ մը պատերազմի մէջ»: Այսպէս,  Վոն տէր Կոլշթի կարծիքով, պետութիւն մը իր գոյութիւնը ապահովելու համար պէտք է ունենայ ազգ մը, որուն կենցաղին մաս կը կազմեն պատերազմական ապրելակերպն ու պատրաստուածութիւնը:

Այստեղ ի յայտ կու գայ երկու հարց: Առաջին`  Վոն տէր Կոլշթ կ՛անդրադառնայ ազգի մը գոյութեան, որ ապահովէ պետութեան գոյութիւնը: Թուրք մտաւորականութիւնը զգաց կարիքը միաձոյլ ազգի մը, որ պիտի ապահովէ պետութեան գոյութիւնը: Իսկ միաձոյլ ազգ` կը նշանակէր բոլոր ոչ թուրք տարրերու արտաքսումը Թուրքիայէն:

Երկրորդ` միայն մտաւորականութիւնը չէր, որ կ՛ազդուէր Վոն տէր Կոլշթի գաղափարներէն: Արդարեւ, ան բանակի խորհրդական էր եւ ուրեմն մեծ ազդեցութիւն ունէր ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս զինուորներուն վրայ: Անոնք յաճախ Վոն տէր Կոլշթի գաղափարները կը գործադրէին ըստ իրենց մեկնաբանութեան` աւերներ գործելով ու սարսափի մատնելով ոչ թուրք քաղաքացիները:

Վոն տէր Կոլշթի գաղափարները վերլուծելէ ետք պէտք է անցնինք մէկ այլ կէտի: Ան ալ գիտնականութեան ազդեցութիւնն է թուրքերուն եւ յատկապէս թուրք ընտրանիին վրայ: Գիտնականութիւնը այն գաղափարախօսութիւնն է, որ կը հաւատայ, թէ գիտութիւնը կրնայ բացատրել բոլոր երեւոյթները, ներառեալ` կրօնները, ազգերու գոյութիւնը եւ այլն: Նիւթէն չշեղելու համար պիտի չխօսինք գիտնականութեան ազդեցութեան վերաբերեալ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ, այլ պիտի բաւարարուինք տալով օրինակ մը` թուրքերու կողմէ գիտնականութեան մեկնաբանութեան: Թուրք մտաւորականներ,  զմայլած տարուինականութեան գաղափարէն, սկսած էին հետեւիլ տարուինականութեան եւ անոր մէկ նոր տարբերակին, որ կարելի է կոչել ընկերային տարուինականութիւն: Այսպէս,  անոնք սկսած էին հաւատալ, թէ ինչպէ՛ս Տարուինի տեսութեան մէջ կը գոյատեւէ միայն այն տարրատեսակը, որ ունի պայմանները գոյատեւելու. նոյնպէս ալ ընկերային տարուինականութեան մէջ ազգ մը կը գոյատեւէ միայն այն ատեն, երբ ունի գոյատեւման համար նպաստաւոր պայմաններ: Իսկ այս պայմանները, ըստ ընկերային տարուինականութեան, կարելի է «ստեղծել»: Այսինքն թուրքը, իր գոյութիւնը ապահովելու համար կրնար ջնջել ոչ թուրքը, որ կրնար վտանգ մը ներկայացնել իր գոյութեան:

Այսպէս է, որ թուրքը կ՛անցնէր տգիտութենէն դէպի գիտութեան աշխարհը եւ հանգիստ սրտով եւ առանց խղճմտանքի կը ձեռնարկէր հայերուն մաքրագործման` իրագործելու համար իր քաղաքական նպատակները: Հետեւեալ հարցը կը մնայ անլուծելի. Թուրքիա ամբողջացուցա՞ծ է այդ անցումային շրջանը, թէ՞ ոչ: Իսկ եթէ ամբողջացուցած է, ապա ժամանակը չէ՞ հատուցելու այդ շրջանի կորուստներուն փոխարէն` գէթ քիչ մը սփոփելու համար կորուսեալներուն ցաւը ու յատկապէս անցումային շրջանի հաշիւները մաքրելու եւ զայն ամբողջականացնելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES