Գաղութէ-Գաղութ (Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակ)
Սուրիա
«Երկրից Բերուած Մասունքներ»
Ցուցահանդէսի Բացում` Հալէպի Մէջ
24 ապրիլին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ մատուցուեցաւ ոգեկոչման եւ հոգեհանգստեան պատարագ, որուն յաջորդեց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւնը: Տեղի ունեցաւ նաեւ «Երկրից բերուած մասունքներ» նիւթով ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայացուած էին հայրենիքէն բերուած կենցաղային իրեր, վաւերաթուղթեր, լուսանկարներ, տպագիր մամուլի ու գիրքերու նմուշներ եւ այլ իրեր:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա ելոյթ ունեցան Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան եւ Շահան արք. Սարգիսեան:
Ս. Պատարագ` Դամասկոսի
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
24 ապրիլին Դամասկոսի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, որմէ ետք թափօրը ուղղուեցաւ Դամասկոսի հայոց գերեզմանատուն, ուր կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը, եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Նոյն օրը Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին սուրիահայ համայնքի երեք համայնքապետերը, համայնքի կուսակցական եւ միութենական ղեկավարները եւ գաղութի ներկայացուցիչները:
Քայլարշաւ Գամիշլիի Մէջ
23 ապրիլի երեկոյեան Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը յարգեցին նաեւ Գամիշլիի հայերը: Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ քայլարշաւ Գամիշլիի փողոցներուն մէջ:
Ռումանիա
Հոգեհանգիստ Եւ Վաւերագրական
Լուսանկարներու Ցուցադրութիւն`
Պուքրէշի Մէջ
24 ապրիլին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցան ձեռնարկներ: Պուքրէշի Ս. Հրեշտակապետաց հայոց Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձանին դիմաց:
Ելոյթներով հանդէս եկան ռումանահայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան եւ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Համլեթ Գասպարեան: Վերջինս մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հակահայ քարոզչութեան գծով, որ կը նպատակադրէ ներգրաւել Եւրոպայի մէջ բնակող թուրք համայնքները, որոնք առանց հարցի էութեան մէջ խորանալու` կը պաշտպանեն ժամանակակից թուրք կառավարութեան որդեգրած ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը:
Արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Պուքրէշի Հռոմի հրապարակ, ուր անցորդներուն բաժնեցին ցեղասպանութեան մասին պատմող թերթիկներ:
Նոյն օրը, Հայոց մշակութային տան մօտ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Արմին Վեկների եւ այլոց վաւերագրական լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնէին հայերու տեղահանութեան ժամանակ անոնց կրած տառապանքները:
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան Ռումանիոյ հայաբնակ զանազան քաղաքներուն մէջ: Կլուժի մէջ կարդացուեցան բանաստեղծութիւններ, ներկայացուեցաւ Աննա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» վէպի ժապաւէնը:
Ռումանիոյ ծերակոյտին մէջ հանդէս եկաւ ծերակուտական, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, իսկ խորհրդարանին մէջ երեսփոխան, Ռումանիոյ Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի ղեկավար Վարուժան Փամպուքչեան:
Նիւ Եորք
Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի
Նշում` Խիտ Շարքերով
22 ապրիլին, Վարդանանց Ասպետներու աւանդական Ցեղասպանութեան յիշատակումը, տեղատարափ անձրեւներու բերումով, փոխան Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին նշուեցաւ Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի համալիրի «Գավուքճեան» հանդիսասրահին մէջ, աւելի քան 1500 հայորդիներու ներկայութեան: Զգալի էր խիտ շարքերով հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը:
Ներկայ էին, Մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրող չորս հայուհիներ, ծնած պատմական մեր հայրենիքին ու Կիլիկիոյ մէջ. երիցագոյնը` Շապին Գարահիսար` 102 տարեկան: Անոնք խոստացան հասնիլ մինչեւ հարիւրամեակ:
Միացեալ այս հանդիսութեան դարձեալ ներկայ գտնուեցան ու իրենց խօսքերը փոխանցեցին երկու նահանգներու` Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցչական տան անդամներ` քոնկրեսականներ:
Յաջորդաբար խօսք առին քոնկրեսական Քարոլայն Մոլանի (Նիւ Եորք նահանգէն), ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէս (Նիւ Ճըրզի), Նիւ Եորքի ծերակուտական եւ մնայուն բարեկամը հայոց իրաւունքները պաշտպանող ու աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր այս հրապարակային հանդիսութեան ներկայ եղող Չաք Շումըր:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ քոնկրեսին մէջ հայկական հարցերու համաատենապետ` Նիւ Ճըրզիէն քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, որ ցաւ յայտնեց այն գծով, որ այս տարի եւս ձեռնունայն կը ներկայանայ հայութեան, առանց կարենալ յաջողցնելու Ցեղասպանութեան ճանաչումը քոնկրեսին մէջ: Ան ըսաւ, թէ թրքական լոպիինկի աշխատանքը եւ արտաքին գործոց նախարարին տխուր միջամտութիւնները, արգելք կը հանդիսանան, որ հասունցած այդ օրէնքը ի նպաստ հայ ժողովուրդին քուէարկուի:
Քաղաքական բոլոր դէմքերը խոստացան անսակարկ, առանց վհատումի շարունակել տանիլ իրենց աշխատանքը եւ յուսատու գտան որ հարիւրամեակի առթիւ գոնէ Ամերիկայի Քոնկրեսին մարդասիրական խիղճը վերադառնայ յանուն արդարութեան:
Հանդիսութեան բացման Վարդանանց Ասպետներու աւագ սպարապետ տոքթ. Տենիս Փափազեան յանուն իր ղեկավարած եղբայրակցութեան անգամ մը եւս յայտարարեց, որ պիտի շարունակուին նման հրապարակային միջոցառումներ մինչեւ որ արդարութիւնը գտնէ ի նպաստ մեր նահատակներուն:
Օրուան անակնկալն էր յայտագրին մասնակցութիւնը հայրենի զոյգ տաղանդաւոր աստղերուն` Ռուբէն Մաթեւոսեանի եւ Ռայիսա Մկրտչեանի, որոնք Նիւ Եորք կը գտնուին մասնակցելու Հայոց բանակի հիմնադրութեան եւ Հայաստանի ՄԱԿ-ի միացման քսանամեակի զոյգ տարեդարձներուն գեղարուեստական յայտագրին: Անոնք յաջորդաբար երգեցին հայրենասիրական երգեր` «Զարթիր լաօ» եւ «Ազգ փառապանծ»` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը:
Խօսք առին նաեւ Նիւ Եորք քաղաքապետարանի պատասխանատուներէն` Ժան Լու, Նաթալի Գաբրիէլեան (ՀԲԸՄ), Ճորճ Աղճայեան (Հայ դատ) եւ Ալեքս Գէորգեան (Հայկական Համագումար), որոնք փոխանցեցին պատշաճ գաղափարներ:
Մակեդոնիա
Մակեդոնահայերը Կը Յարգեն
Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը
23 ապրիլին Մակեդոնիոյ հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոպիէի Սոպորէն Խրամ եկեղեցւոյ մէջ` յարգանքի տուրք մատուցելու Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ մակեդոնացիներ, ինչպէս նաեւ Մակեդոնիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, որոնք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին, խունկ ու մոմ վառեցին եւ աղօթեցին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար:
Դանիա
«Թռչնոց Բոյն» Ձեռնարկներու Շարքին
Առաջինը` Քոփենհակընի Մէջ
22 ապրիլին Քոփենհակընի Ազգային թանգարանին մէջ «Թռչնոց բոյն» խորագիրով ձեռնարկներու շարքէն սկիզբ առաւ առաջին նախաձեռնութիւնը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին: Անիկա կազմակերպուած էր «Դան Արմէն» հայ-դանիական ընկերակցութեան կողմէ:
Ներկաները վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «Սքանտինաւիան եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթով: Տեղի ունեցաւ նաեւ դասական երաժշտութեան համերգ:
Պիելոռուսիա
Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի
Ոգեկոչում` Մինսքի Մէջ
24 ապրիլին Պիելոռուսիոյ հայ համայնքային կազմակերպութիւնները եւ Հայաստանի դեսպանատունը նախաձեռնեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Մինսքի կեդրոնական զինուորական գերեզմանատան մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ:
Զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան, այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանի դեսպանը եւ Պիելոռուսիոյ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարները:
Ձեռնարկին առաւել աշխուժ կերպով մասնակցեցան Պիելոռուսիոյ հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւնները: Ընդհանուր թիւով շուրջ 150 հայ երիտասարդներ եկած էին Պիելոռուսիոյ բոլոր մարզերէն` ձեռնարկին մասնակցելու համար:
Պուլկարիա
Միսաք Քելեշեան Ներկայացուց
Այնթուրայի Որբանոցին Ոդիսականը
21 ապրիլին Սոֆիայի «Լիւմիեր» սրահին մէջ ապրիլ 24-ի ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանիին ներքեւ, Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի եւ Սոֆիայի հայկական կազմակերպութեանց համադրիչ խորհուրդին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ հետազօտող Միսաք Քելեշեանի հանրային ելոյթը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Մեծ եղեռնէն ետք լիբանանեան Այնթուրա շրջանին մէջ երիտասարդ թուրքերու կողմէ ստեղծուած պետական որբանոցին մէջ հայ որբերու թրքացման քաղաքականութեան առնչուող փաստեր եւ տեսանիւթեր:
Ձեռնարկին ներկայ էին բազմաթիւ մտաւորականներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ղազախստան
Ոգեկոչումներ` Ալմաթիի Եւ
Այլ Քաղաքներու Մէջ
24 ապրիլին Ղազախստանի բոլոր 14 հայկական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ձեռնարկներ:
Քարականտա քաղաքին մօտ գտնուող Սպասքի յուշահամալիրին մէջ գտնուող հայկական խաչքարի կոթողին մօտ մերձակայ քաղաքներէն եւ գիւղերէն եկած ղազախստանահայերը զետեղեցին պսակներ եւ ծաղիկներ, ինչպէս նաեւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
Ալմաթիի մէջ գտնուող հայկական «Լոյս» կեդրոնի տարածքին մէջ գտնուող խաչքարին մօտ եւս զետեղուեցան ծաղկեպսակներ եւ մատուցուեցաւ պատարագ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ տարբեր քաղաքներու մէջ:
Աւստրալիա
Քաղաքական Վերնախաւը Մասնակցեցաւ
Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկներուն
Աւստրալիոյ խորհրդարանի ամբողջ քաղաքական ներկապնակը ներկայացնող բազմաթիւ ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ հաստատեցին իրենց մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներուն` իբրեւ Աւստրալիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման քաղաքական աջակցութեան ամրագրում:
24 ապրիլին տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ` Չաթսվուտի քաղաքապետարանի նոր համերգասրահին մէջ:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Վարանդ Մկրտիչեան յայտարարեց, որ շատ հաճելի է նահանգային եւ պետական խորհրդարանները հայութեան կողքին տեսնել իբրեւ համերաշխութեան նշան:
Ձեռնարկին ընթացքին ներառուեցան յայտարարութիւններ եւ զեկուցումներ, ինչպէս նաեւ շնորհահանդէսներ։
Հոլանտա
Ջահերով Երթ` Դէպի
Թրքական Դեսպանատուն
23 ապրիլին Լա Հէյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ ջահերով երթ տեղի ունեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն: Այնտեղ կատարուեցաւ փոքր հոգեւոր ծէս մը, ապա ցուցարարները մէկական մոմ վառեցին «1,5» խորհրդանշական թիւով:
24 ապրիլին Հոլանտայի Ասեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն, որ սկսաւ Ասենի գերեզմանատան մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին զետեղուած խաչքարին մօտ:
Ապա սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն, որմէ ետք ներկայացուեցան Մեծ եղեռնին նուիրուած գեղարուեստական գործեր:
24 ապրիլին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոյ, որ սկսաւ պատարագով, ապա շարունակուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղումով:
Երեկոյին ընթացքին Ցեղասպանութիւնը դատապարտող խօսքեր արտասանուեցան:



