Գաղութէ-Գաղութ (Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեակ)

Քանատա

Քանատահայութիւնը Զանազան Ձեռնարկներով
Ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակը

Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, քանատահայոց ազգային առաջնորդարաններու եւ քանատահայ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ` Քանատայի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: 22 ապրիլին Քանատայի Օթաուա, Մոնրէալ, Թորոնթօ, Վանքուվըր եւ շարք մը այլ քաղաքներու հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան պատարագներ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

23 ապրիլին քանատահայ երիտասարդութիւնը կազմակերպեց մոմավառութիւն մը Օթաուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ:

24 ապրիլին Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի աւանդական ձեռնարկ, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ հայորդիներ, ապա կատարուեցաւ աղօթք եւ ծաղկեպսակներու զետեղում «Յաւերժ Հայաստան» յուշարձանին մօտ:

Ձեռնարկէն ետք հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Քանատայի խորհրդարան, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը:

 

Հնդկաստան

Մեծ Եղեռնի Զոհերու Ոգեկոչում`
Կալկաթայի Ս. Նազարէթ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

24 ապրիլին հնդկահայ համայնքը, եկեղեցւոյ վարչութիւնը, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի սաները, ուսուցիչները եւ պաշտօնէութիւնը հաւաքուեցան Կալկաթայի Ս. Նազարէթ Մայր եկեղեցւոյ մէջ` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած յուշարձանին:

Հնդկաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը կառուցուած է 1965 թուականին` Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով:

 

Գերմանիա

Մեծ Եղեռնի Սգահանդէս`
Շթութկարտի Մէջ

21 ապրիլին Պատէն-Վիըրթեմպերկի հայ համայնքը, Նեքարսուլմ քաղաքի Հայ-գերմանական մշակութային միութիւնը եւ Էսլինկէն քաղաքի «Մարալ» մարզական եւ մշակութային միութիւնը միասին կազմակերպեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած սուգի ձեռնարկ, որ տեղի ունեցաւ Շթութկարտի կեդրոնական եկեղեցւոյ մէջ: Նախաձեռնութեան ներկայ էին հայ թէ օտար հիւրեր: Խօսք առին համայնքին տարբեր ներկայացուցիչները:

Երեկոն վերջ գտաւ «100 համերգ` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին» նախագիծին մաս կազմող 6-րդ դասական համերգով, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան, թենոր Գէորգ Հաճեան, Նիւրենպերկի օփերայի երգիչ Գոր Յարութիւնեան եւ մեներգիչ Հրաչուհի Բասենց:

 

Իրան

Հազարաւոր Թեհրանահայեր Բողոքի
Հաւաքով Նշեցին Ցեղասպանութեան
97-Ամեակը

23 ապրիլի երեկոյեան Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն  աւարտին Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմի, իրանահայ բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն կողմէ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի արարողութիւն Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու յուշակոթողին:

24 ապրիլին Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ իրանահայ համայնքի հազարաւոր ներկայացուցիչներ մասնակցեցան սուրբ պատարագի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններու: Տեղի ունեցաւ նաեւ բողոքի հաւաք` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ:

Ապրիլ 24-Ի Նշում` Ատրպատականի
Հայոց
Թեմին Մէջ

Ապրիլեան Նահատակաց տօնին, 24 ապրիլ 2012-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ` Թաւրիզ եւ Ուրմիա, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, ապա հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու հոգւոց խաղաղութեան համար:

Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Պատարագի սրբազան երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի: Ս. սեղանին սպասարկեցին հայկական դպրոցի աշակերտներ, իսկ Առաքելական թուղթը ընթերցեց աշակերտուհի Էլին Մնացականեան:

Ներկայ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելով` հայր սուրբը վեր առաւ մարտիրոսութեան վեհ գաղափարը, որ յանուն ազգի, կրօնի ու հայրենիքի մարդկային ամէնէն թանկ հարստութիւնը` կեանքը զոհաբերելու արարքով նուիրական կը դառնայ յաջորդ սերունդներուն համար: Ապա, ան հայոց պատմութեան մէջ բարձրակէտ նկատուող ջարդերու մասին քաղուածք կատարելով, հասաւ մինչեւ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եղաւ` մինչեւ այժմ անպատիժ մնացած: «1896-ի, 1909-ի փորձերէն ետք, կազմակերպ եւ իր նպատակակէտին հասած 1915-ի սպանդը, տեղահանութեան անունով սկսուած եւ օրինաւոր ցեղասպանութեան վերածուած ջարդ եղաւ` մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու չարաչար մահուան պատճառ դառնալով: Աւերուեցան մեր շէն գիւղերն ու քաղաքները, ամայացան մեր վանքերը, բերդերը դաշտերն ու այգիները, իսկ այսօր, անապատի աւազներու մէջէն դեռ իրենց ցասումն ու բողոքը լսելի կը դարձնեն մեր նահատակները ամբողջ աշխարհին: Տէր Զօրի քամին մեր նահատակներու ոսկորներէն մէկուկէս միլիոն սրինգ սարքած, արդարութի՜ւն կը գոչէ աշխարհի խուլ ականջին…», ըսաւ հայր սուրբը:

Ապա, խօսելով ապրիլ 24-էն մեզի եկող պատգամին մասին, կաթողիկոսական փոխանորդը շեշտեց աշխարհի հայութիւնը միաւորող «շաղախ»-ին` հայկական պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մէկ քարընկէց անդին ըլլալուն, եւ անոր ընդառաջ մեր ժողովուրդի բոլոր կառոյցներու նախապատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը կարեւոր նկատեց: «Մեր միասնական ուժն ու ազգային ամբողջ  կարողականութիւնը պէտք է համախմբենք, ուր որ ալ գտնուինք, Իրանի մէջ, թէ Հայաստանի, Լիբանանի թէ Սուրիոյ, եւրոպական երկիրներուն, թէ Ամերիկաներուն մէջ, նոյնիսկ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ: Որովհետեւ մեզ միացնողը մեր նահատակներու սուրբ կտակն է` անոնց արիւնով կնքուած: Պիտի մնանք պահանջատէր, մինչեւ մեր նահատակներու բռնաբարուած արդար իրաւունքներու ձեռքբերումը», շեշտեց հայր սուրբը: Վերջապէս, Հայոց ցեղասպանութիւնը չմոռնալու եւ սերունդէ սերունդ զայն յիշելու եւ աշխարհին յիշեցնելու կոչ ուղղեց ան:

Պատարագէն անմիջապէս ետք, թափօրը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ դրօշակի արարողութեամբ, «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերով առաջնորդուեցաւ դէպի Ապրիլեան նահատակաց յուշարձանին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն` վասն առաւել քան մէկուկէս միլիոն նահատակացն ազգիս հայոց:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք արիներն ու արենուշները, գայլիկներն ու արծուիկները տուին իրենց երդումը` խոստանալով չմոռնալ մեր նահատակները, հաւատարիմ ըլլալ անոնց կտակին, յաջորդ բոլոր սերունդները դաստիարակելով պահանջատիրական ոգիով, հասնելու համար հայ ազգի հաւաքական իտէալներու կենսագործման:

Տեղի ունեցաւ ժողովրդային ծաղկեմատոյց: ՀՕ Միութեան պարտաճանաչ անդամներուն կողմէ ներկայ բազմութեան տրամադրուած մեխակները ժողովուրդը ընծայեց ապրիլեան նահատակներու յիշատակին` զանոնք երկիւղածութեամբ դնելով յուշարձանին առջեւ:

Թաւրիզի պատանեկան միութեան անդամներուն բացօթեայ ցուցահանդէսը պատանիներու աշխատանքով իրականացուած էր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Այնտեղ ցուցադրուած էր «Հայոց ցեղասպանութեան քարտէս»-ը` նշելով Արեւմտեան Հայաստանի այն շրջանները, ուր գլխաւորաբար կեդրոնացած էին կոտորածները: Յատուկ աշխատանքով հաւաքուած ու ցուցադրութեան  դրուած էին այն երկիրներու անուններն ու դրօշները, որոնք ցարդ պաշտօնապէս ընդունած են Մեծ եղեռնին Ցեղասպանութիւն ըլլալու փաստը: Յատուկ պաստառի վրայ նաեւ դրուած էին նահատակ անուանի հայ գրողներու եւ ազգային գործիչներու լուսանկարները: Կաթողիկոսական փոխանորդը իր գնահատանքը յայտնեց ցուցահանդէսը պատրաստող պատանիներուն եւ անոնց պատասխանատուներուն` նոր սերունդի դաստիարակութեան համար կարեւոր նկատելով նման ուսանելի աշխատանքներ:

Ապրիլ 24-ի խորհուրդով զօրացած, նահատակներու հանդէպ յարգանքի զգացումին առաւել եռանդ տուած եւ հայկական պահանջատիրութեան գաղափարով գօտեպնդուած, ժողովուրդ զաւակները վերադարձան իրենց տուները:

*
*    *

Նոյն օր առաւօտեան, Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի կողմէ: Ապա, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յուշարձանին առջեւ եւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ծաղկեմատոյց:

Երեկոյեան եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ձեռնարկ: Օրուան բանախօսն էր թաւրիզաբնակ Նայիրի Դիլանեան: 1915 թուականի քաղաքական անցուդարձերուն անդրադառնալով` Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ընդգծեց ան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ապա Տէր Հօր պահպանիչով փակուեցաւ տպաւորիչ ձեռնարկը:

 

Բրիտանիա

Քայլարշաւի Մասնակիցներ Վարչապետի
Նստավայրին Յանձնեցին
Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Խնդրագիրը

Բրիտանիոյ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած էին շարք մը ձեռնարկներ` նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոմիտէն կազմակերպած էր քայլարշաւ մը, որ անցաւ Լոնտոնի կեդրոնէն եւ դատապարտեց Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը: Անկէ ետք Խորհուրդին ներկայացուցիչները ուղղուեցան դէպի Բրիտանիոյ վարչապետին նստավայրը եւ հայ համայնքին անունով յանձնեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդրագիրը:

22 ապրիլին տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք խորհուրդի եւ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ զետեղեցին հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց մեծ եղեռնի յուշարձան-խաչքարին:

 

Չեխիա

Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Գեղանկարչական Ցուցահանդէսի Բացում`
Փրակայի Մէջ

22 ապրիլին Չեխիոյ Վիսոչինա երկրամասի մայրաքաղաք Եիհլաւայի մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրարտու» հայ-չեխական ընկերութեան կազմակերպած «Անոնք ալ իրաւունք ունէին, կրնային եւ կ՛ուզէին ապրիլ ու արարել» նիւթով ձեռնարկը: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, սուգի արարողութիւն, նկարներու ցուցահանդէս եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն:

24 ապրիլին Չեխիոյ հայ համայնքը Փրակայի կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի տարելիցին նուիրուած հանրահաւաք-երթ մը, որ սկսաւ հանրապետութեան հրապարակէն եւ աւարտեցաւ Ս. Եղիայի եկեղեցւոյ մօտ: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա ելոյթ ունեցաւ Փրակայի Քարլով համալսարանի երգչախումբը: Անկէ ետք կատարուեցաւ չեխ անուանի գեղանկարիչ Իրժի Նոսեքի հայաստանեան գեղանկարներու շարքի` Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը:

 

Ֆրանսա

Նախագահական Թեկնածուները
Մասնակցեցան Փարիզի Կոմիտասի
Արձանին Շուրջ Տեղի Ունեցած Արարողութեան

Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան 24 ապրիլին նուիրուած ձեռնարկներ:

22 ապրիլին կատարուեցան տարբեր բանախօսութիւններ եւ յիշատակի պատարագներ:

Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ պատարագ` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Նոյն օրը տաճարի հրապարակին մէջ զետեղուած էր զգօնութեան պատնէշ մը ժխտողականութեան դէմ, ուր տասնեակ մը վահանակներ հազարաւոր այցելուներուն կը պատմէին 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն մինչեւ 21-րդ դարու այլ ջարդերուն մասին:

Ֆրանսական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին:

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուան անցած երկու թեկնածուները յաջորդաբար այցելեցին Կոմիտասի արձանը: Երկու թեկնածուները վերահաստատեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատիժ սահմանող օրէնքի ընդունման իրենց յանձնառութիւնը:

24 ապրիլին Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած բազմամարդ ընդունելութիւն: Կէսօրէ ետք մատուցուեցաւ յիշատակի պատարագ` Փարիզի հայ առաքելական Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն` Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ:

Յիշատակի Արարողութիւն` Սթրասպուրկի Մէջ

24 ապրիլին Սթրասպուրկի Հանրապետութեան հրապարակի «Մեր զոհերը» յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ յիշատակի եւ ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն:

Հանրապետութեան հրապարակէն քայլարշաւը շարժեցաւ դէպի Սթրասպուրկի Ս. Մատլեն եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

 

Լեհաստան

Դատապարտում` Թուրքիոյ
Ժխտողական Քաղաքականութեան

24 ապրիլին Վարշաւայի Հրեշտակաց Աստուածամօր կաթողիկէ եկեղեցւոյ  բակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Լեհահայոց հոգեւոր հովիւ Տաճատ աբղյ. Ծատուրեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Այնուհետեւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր ելոյթ ունեցան Լեհաստանի մէջ ծխական խորհուրդի անդամներ Էտկար Բրոյեան եւ Աշոտ Ներսիսեան, որոնք դատապարտեցին Թուրքիոյ կառավարութեան մօտեցումը` Հայոց ցեղասպանութեան  նկատմամբ ժխտողական քաղաքականութեան կեցուածքին համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES