Հյդ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, երէկ` հինգշաբթի, 26 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ մը:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ, որ աւարտեցաւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան շրջանին մէջ գործող պատկան մարմիններու եւ միութիւններու կողմէ: Զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ Ֆանարի մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ ձեռնարկին հանդիսաւոր բաժինը:
Բացման խօսքը արտասանեց Կասիա Պօղոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման ոգեկոչումները ո՛չ միայն կը նպատակադրեն յարգել մեր անմեղ զոհերուն յիշատակը, այլ նաեւ վերականգնել մեր պահանջատիրութիւնը, վերանորոգել մեր ուխտը: Ան ըսաւ, որ արդէն կը գտնուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ինչ որ յաւելեալ պարտք կը դնէ մեր ուսերուն, յաւելեալ պատասխանատուութիւն` մեր դատին նկատմամբ յանձնառութեան ցուցաբերման եւ պայքարի շարունակութեան իմաստով:
Կ. Պօղոսեան հաստատեց, որ այնքան ատեն որ նման ահաւոր ոճիր մը գործած թուրքը անպատիժ կը մնայ, անիկա համայն հայութեան թշնամին կը նկատուի: Այս իմաստով է, որ անընդունելի կը նկատուի թրքական արտադրութիւններ քաջալերելը, դիտել տուաւ ան:
Իր խօսքի աւարտին Կ. Պօղոսեան համայն երիտասարդութեան անունով ուխտեց միշտ վառ պահել պահանջատիրութեան ջահը, մինչեւ հայ ժողովուրդի բոլոր կորուստներուն հատուցումն ու Հայ դատի արդար լուծումը:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մասնակցեցան Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճէն աշակերտներ: Խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»-էն հատուած մը, իսկ Կարինէ Շատոյեան երգեց «Ատանայի ողբը» եւ «Երազ իմ երկիր հայրենի»-ն:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Գառնիկ Մկրտիչեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան անմարդկայնութեան, դատապարտելիութեան եւ այս գծով հայութեան ունեցած պահանջատիրութեան վրայ դնելով շեշտը` նաեւ հաստատեց, որ հայութիւնը եւս դերակատար է իր դատի հետապնդման:
Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով հայութիւնը անգամ մը եւս բարձրագոռ կը յայտարարէ համայն աշխարհին ու մարդկութեան, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անժխտելի իրողութիւն է, չէ դատապարտուած եւ յանցագործը իր արդար պատիժը չէ ստացած: Ասոր հիմնական փաստը աշխարհասփիւռ հայութիւնն է, որ կենդանի վկայութիւնն է թուրքին կողմէ կանխամտածուած ու գործադրուած ահաւոր սպանդին, յայտնեց Գ. Մկրտիչեան:
Բանախօսը դիտել տուաւ, որ թրքական արխիւները պատմաբաններուն դիմաց փակ պահելը արդէն իսկ ցուցանիշ է այն իրողութեան, որ թուրքը պահելիք իրականութիւններ ունի: Ան անդրադարձաւ տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ դրսեւորուած կեցուածքներուն, որոնք ընդհանրապէս կը բխին իրենց երկիրներու շահերէն: Գ. Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս նոր զէնքերով պայքար կը մղուի հայութեան դէմ. արդարեւ, թուրքը կը փորձէ խեղաթիւրել պատմութիւնը, ժխտման քաղաքականութեամբ առաջնորդուիլ, բայց եւ այնպէս անոր այս բոլոր փորձերը ձախողութեան դատապարտուած են, որովհետեւ միայն հայութիւն չէ, որ կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան իրաւացիութեան մասին, այլ նաեւ օտարներ: Բանախօսը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ նման ոճիրներ եթէ անպատիժ մնան, անոնք անպայման նորերուն դիմաց ուղի կը բանան:
Իր խօսքին մէջ Գ. Մկրտիչեան լուսարձակի տակ առաւ վերջին շրջանին Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած աշխատանքները` Միջին Արեւելք թափանցելու, դրական դերակատարութիւն ունենալու փորձ կատարելու` արեւմտեան հովանաւորութեամբ եւ շրջանի երկիրներու մեղսակցութեամբ: Բայց եւ այնպէս անիկա վաղ թէ ուշ պիտի ձախողի, որովհետեւ կը շարունակէ մնալ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը, որ դրական դերակատարութեան մասին չի կրնար խօսիլ, այնքան ատեն որ ինք իր պատմութեան հետ չէ հաշտուած:
Բանախօսը նաեւ անդրադարձ մը կատարեց ներքին ճակատի վրայ Հայ դատը կենդանի պահելու նպատակով մղուող պայքարի անհրաժեշտութեան` շեշտելով, որ թրքական մշակոյթը եւ արտադրութիւնները քաջալերելը արդէն բարոյական պարտութիւն կը նկատուի ու մեծ հարուած` Հայ դատին:
Իր խօսքը աւարտելով` Գ. Մկրտիչեան հաստատեց, որ մեր նահատակներէն մեզի փոխանցուած ջահը կը մնայ բոցավառ, մենք կը մնանք պահանջատէր, մինչեւ որ Եռագոյնը ծածանի հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ:
Ապա Քարոլին Լէակարապետեան ասմունքեց Ա. Իսահակեանի «Էյ ճան հայրենիք»-ը եւ Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»-ն:
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութենէն անդամներ հանդէս եկան պարով մը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հայ դատի պահանջատիրական երթը ներկայացնող տեսերիզ մը` պատրաստուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական մարմինին կողմէ:
Աւարտին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի ընկերներ կենդանի պատկերով մը կառուցեցին բուրգ մը` իբրեւ խորհրդանիշ յարատեւ պայքարի:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Անկէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին մօտ, ուր մոմերով 24 Ապրիլ գրուած էր, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի կողմէ:



