«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ Աշակերտական Զոյգ Ելոյթներով «Կարկաչ» Սկսաւ Իր 15-Ամեակի Համերգաշարը
Յաջորդական երկու օրերու ընթացքին, չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը տուաւ իր աշակերտական աւանդական ելոյթները , որոնց ներկայ եղան լիբանանահայ վարժարաններու աւելի քան հազար աշակերտներ:
Իր խօսքին մէջ երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան յայտնեց, որ այս տարուան ելոյթները նուիրուած են երգչախումբի հիմնադրման 15, Շուշիի հերոսական ազատագրման 20 եւ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակներուն:
«Կարկաչ» երգչախումբը, դաշնակի նուագակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի, մատուցեց երգչախումբի 15 տարիներու երգացանկէն զուարթ ու կատակային երգերու շարք մը, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցան աշակերտ- ունկնդիրներուն կողմէ: Տեղի ունեցաւ նաեւ երգի հաւաքական ուսուցում:
Ելոյթներու աւարտին Զաքար Քէշիշեան դրուատեց կիրթ պահուածքով յատկանշուող աշակերտ-ունկնդիրները եւ կարեւոր նկատեց որակեալ երգն ու երաժշտութիւնը կարենալ գնահատելը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցներու տնօրէնութիւններուն եւ աշակերտներուն ուղեկից ուսուցիչներուն:
«Կարկաչ»-ի տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00- ին , Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ. համերգին հիւրաբար ներկայ պիտի ըլլայ Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցի փրոֆեսէօր, խմբավար մայեսթրօ Իվան Վարանեան:



