«Թուրքիա «Նոր Միջին Արեւելք»-ը Պիտի Ղեկավարէ» Կ՛Ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ «Նոր Միջին Արեւելք» կը ծնի, իսկ Թուրքիան այդ նոր ալիքի ղեկավարը պիտի դառնայ: Ան նշած է, որ Անգարա Սուրիոյ ժողովրդավարացման հոլովոյթին մէջ սուրիացի ժողովուրդին կ՛աջակցի:

«Եղբայրական Սուրիոյ համար կարելի ամէն բան ըրած ենք: Տակաւին առաջին հանգրուանին Պաշշար Ասատին խորհուրդ տուած ենք բարեփոխումներ կատարելու», ըսած է ան:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար երեք քայլի պէտք է ձեռնարկել. իշխանութիւնները քաղաքներէն դուրս բերեն բանակը, ՄԱԿ-ի դէտերու թիւը պէտք է աւելնայ եւ խաղաղ ցոյցի կատարման կարելիութիւն պէտք է տրամադրուի:

«Ես չեմ կասկածիր, որ մենք պատմութեան ճիշդ կողմին մէջ ենք եւ մեր ազգային շահերուն առումով ճիշդ տեղն ենք: Նոր Միջին Արեւելք կը ծնի, եւ այդտեղ Թուրքիան շրջապատի խաղաղութեան կղզին պիտի ըլլայ: Ատկէ ետք մենք ալիքը պիտի ղեկավարենք: 74 միլիոննոց թուրք ժողովուրդը Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին է եւ պիտի շարունակէ կողքին մնալ», ըսած է Տաւութօղլու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի խզումը կառավարական եւ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ կը կատարուի: Նախարարութիւնը Սուրիոյ մէջ դէտերու դրական դերակատարութիւնը նշելէ ետք ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ զինեալները շրջանային ահաբեկչութեան գաղափարը կ՛օգտագործեն»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ չորեքշաբթի օր յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով «վճռական պահը» տասը օր ետք ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի կողմէ իր զեկուցումին ներկայացումն է:

«Եթէ Սուրիոյ մէջ միջնորդութիւնը ձախողի, ապա պիտի ջանանք 7-րդ յօդուածին հիմամբ միջազգային որոշումի մը որդեգրման», ըսաւ Ժիւփէ` աւելցնելով, որ «եթէ ի յայտ եկաւ, որ ՄԱԿ-ի ծրագիրը չի գործադրուիր, ապա չենք կրնար (սուրիական) վարչակարգին ուղղած մարտահրաւէրին շարունակումը արտօնել» եւ պէտք է Սուրիոյ մէջ «աղէտի դադրեցման համար այլ բանի անցնինք»:

Ժիւփէ սուրիացի ընդդիմադիրներ ընդունելէ ետք յայտնեց, որ «հարցերը լաւ չեն ընթանար եւ Անանի ծրագիրը մեծ վտանգի տակ է, սակայն այս միջնորդութեան տակաւին առիթ կայ, պայմանաւ որ 300 դէտեր 15 օրուան մէջ արագօրէն տեղակայուին եւ ոչ թէ երեք ամիսէն»:

Անան երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ «սուրիական կառավարութիւնը չի կրնար զինուորական գործողութիւնները շրջանի մը մէջ դադրեցնել եւ զայն այլուր շարունակել»:

Share this Article
CATEGORIES