Զօր. Աուն Կոչ Կ՛Ուղղէ Նախագահին Ստորագրելու «8900-Ի Ծրագիրը»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ զարմանք յայտնեց, որ նախագահ Միշել Սլէյման կը զլանայ գործածել սահմանադրական իր լիազօրութիւնները եւ կը խուսափի ստորագրել 8900 միլիառ լիբ. ոսկիի ծրագիրը:

«Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ զօր. Աուն կոչ ուղղեց նախագահին, որ ստորագրէ նշեալ ծրագիրը, քան թէ քաղաքացիին օրապահիկը գերի դառնայ քաղաքական նեղմիտ շահերու եւ քմահաճոյքներու:

 

Share this Article
CATEGORIES