Ապրուստի Թէ Ընկերային Պահանջներով Բողոքի Ելոյթները Երէկ Վերստին Ցնցեցին Եւ Անշարժացուցին Լիբանանի Զանազան Շրջանները

Ապրուստի թէ ընկերային պահանջներու բողոքի ելոյթները երէկ կրկին զօրաշարժի մղեցին երկրի ապահովութեան թէ պատկան պատասխանատու կողմերը: Արդարեւ, երէկ կանուխ առաւօտէն սկսեալ փոխադրամիջոցներու մարզի ինքնաշարժներ սկսած էին համախմբուիլ մայրաքաղաքի արուարձաններու, յատկապէս` Տորայի եւ Քոլայի հրապարակներուն վրայ` արգիլելով անցորդները փոխադրակառք գործածելէ: Հետզհետէ խտացող բողոքի շարքերը առանց այդ ալ խճողուած թաղամասերը վերածեցին յամրաքայլ շրջուն կառատան:

Ցուցարարներուն անունով խօսք առնող պատասխանատուներ Պասսամ Քլէյս, Ապտել Էմիր Մաժտէ եւ Սաատէտտին Համիտի Սաքր շեշտեցին իրենց հիմնական պահանջները` պենզինի եւ վառելանիւթի սակերու նուազեցման, Տամանի սնտուկէն օգտուելու եւ առողջապահական հոգատարութեան ձեռնատուութեան, երթեւեկի հանրային փոխադրակառքերու թղթածրարի քննարկման եւ այլ հարցերու գծով:

Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց շարժումը պիտի կրկնուի, մինչեւ որ պետութիւնը որդեգրէ լուծման անհրաժեշտ միջոցառումները:

Հիւսիսի թէ հարաւի հեռակայ վայրերուն մէջ բողոքի ելոյթները ստացան աւելի բիրտ բնոյթ, երբ հաղորդուեցաւ, թէ ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին ճամբաները եւ կարգ մը շրջաններու մէջ բռնի ուժով փոխադրակառքերէն իջեցուցին ճամբորդները:

Share this Article
CATEGORIES