Շարունակելով Իր Տեսակցութիւնները Պելճիքայի Մէջ` «Ոչ Մէկ Շահ Ունինք Միջլիբանանեան Հարցեր Հրահրելէ» Յայտնեց Միքաթի

«Ոչ մէկ շահ ունինք միջլիբանանեան հարցեր հրահրելէ Լիբանանի մէջ` մեկնելով սուրիական իրավիճակի զարգացումներէն», յայտարարեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Պելճիքայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:

Պրիւքսէլի մէջ Խոսէ Մանուէլ Պարոսոյի հետ իր ունեցած խորհրդակցութեան աւարտին վարչապետ Միքաթի ըսաւ. «Ինչ որ մեզ կը շահագրգռէ այն է, որ արիւնահեղութիւնը դադրի Սուրիոյ մէջ, եւ այս գծով կը խորհինք, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Քոֆի Անանի նախաձեռնութիւնը նպատակայարմար է»:

Նշենք, որ Պելճիքա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, վարչապետ Միքաթի իր գլխաւորած պատուիրակութեան կողքին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահին` Անտրէ Ֆլահոյի, ծերակոյտի նախագահ Սապին Տէօ Փիեթոնի եւ այլ անձնաւորութեանց հետ:

Կը նախատեսուի, որ Միքաթի աշխատանքային նիստեր ու հանդիպումներ ունենայ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES