Ողջունելով Պապի Լիբանան Այցելութեան Գաղափարը Պըրրի Կոչ Կ՛Ուղղէ Լեզուական Գարնան Մը Ստեղծման

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց լեզուական գարուն ստեղծելու, որպէսզի գիտնանք, թէ «ի՞նչ, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր խօսինք»:

Հովանաւորելով Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ լեզուաբանութեան բաժանմունքի հիմնարկէքի արարողութիւնը, խորհրդարանի նախագահը դիտել տուաւ, որ շրջանի տագնապալից վիճակը կ՛առաջադրէ ամրապնդել մեր միասնականութիւնն ու երկրի ներքին անդորրութիւնը: Պըրրի կոչ ուղղեց ճիգ չխնայելու` պահելու համար մայր լեզուն, կրթական բարձրագոյն հիմնարկներուն թելադրելով որդեգրելու վերջերս Պէյրութի մէջ գումարուած լեզուի յատուկ համաժողովէն բխած յուշագիրը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը խանդավառութեամբ ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապի Լիբանան այցելութիւնը յառաջիկայ սեպտեմբերին` մաղթելով, որ այդ այցելութիւնը առիթ ըլլայ արեւելքը վերստին կեդրոն դարձնելու համակեցութեան ու խաղաղութեան` մեկնելով Լիբանանէն:

 

Share this Article
CATEGORIES