Բագրատունի Կը Բողոքէ Պատկերասփիւռի Պետական Կայանին Թրքական Օժանդակութեան Գծով

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի, որուն հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեց պետութեան տեղեկատուութեան մարզին հետ առնչուող հարցեր:

Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ տեղեկատուական ազգային գործակալութիւնը ունենայ նաեւ հայերէն տարբերակ, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ ապրող հայերուն յաւելեալ դիւրամատչելիութիւն ընծայելու համար:

Ապա երեսփոխան Բագրատունի տեղեկատուութեան նախարարին փոխանցեց մեր ժողովուրդի խոր դժգոհութիւնը պետական պատկերասփիւռի կայանին եւ թրքական կայաններու միջեւ գործակցութեան հեռանկարով կատարուած ճիգերուն շուրջ` աւելցնելով, որ պետական կայանը պարտի յարգել բոլոր լիբանանցիներուն կեցուածքները, մտահոգութիւններն ու զգացումները: Այս իմաստով ան անհրաժեշտ նկատեց այլ տարբերակներ գտնել պետական պատկերասփիւռի կայանին կացութիւնը բարելաւելու համար:

Տաուք արծարծուած երկու խնդիրներուն կապակցաբար պատրաստակամութիւն յայտնեց դրական քայլերու դիմելու:

 

Share this Article
CATEGORIES