Համաս Շարժումէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան եւ Լիբանանեան ազգային կուսակցութեանց եւ անձնաւորութեանց հանդիպումին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ` Պարոյր Տէր Ղուկասեան 25 ապրիլին ընդունեցին պաղեստինեան Համաս շարժումէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Մաշտուր Ապտել Հալիմ, Ահմետ Հաժ եւ Ռաաֆաթ Մուրրա:

Տեսակցութեան աւարտին Ռաաֆաթ Մուրրա ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատուներուն տուած մեր այս այցելութիւնը կու գայ քաղաքական հաղորդակցութեան ու Լիբանանի քաղաքական զանազան ուժերուն հետ մեր մնայուն քաղաքական շարժումի ծիրին մէջ:

«Այս առիթով մենք ընդգծեցինք լիբանանցի եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն միջեւ խոր կապը` շեշտելով Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձին կառչած մնալու ոգին ու իրաւունքը եւ պահելով իրենց ազգային, մշակութային ու քաղաքակրթական ինքնութիւնը: Նաեւ շեշտեցինք  կարեւորութիւնը Երուսաղէմի հարցին, համաշխարհային խորհրդանշական այս հարցին, որ կը համախմբէ զանազան քաղաքակրթութիւնները, մշակոյթներն ու կրօնները: Այս առիթով կը վերահաստատենք, որ տակաւին կառչած կը մնանք դէպի Պաղեստին մեր տունդարձին ու կը մերժենք գաղթականութիւնն ու բնակցումը: Նմանապէս կը պահանջենք Լիբանանի պաղեստինցիներուն տալ իրենց մարդկային, ընկերային ու քաղաքացիական իրաւունքները: Այս առիթով նաեւ շեշտեցինք դիմադրութեան կառչելու մեր վճռակամութիւնը, մինչեւ Պաղեստինի ազատագրումը, պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը եւ անկախ պետութեան հաստատումը` իբրեւ մայրաքաղաք ունենալով ամբողջական Երուսաղէմը»:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Համասի պատասխանատուն ըսաւ. «Յարատեւ այցելութիւններ կու տանք ու այս ծիրին մէջ վերջերս այցելեցինք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ու այսօր` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեր եղբայրներուն: Մենք տրամադիր ենք կապի մէջ մտնելու Լիբանանի քաղաքական զանազան ուժերուն հետ ու նախանձախնդիր` պաղեստինեան դատին զօրավիգ ժողովրդային թէ պաշտօնական կեցուածք ապահովելու: Համաս շարժումը միջամուխ չի դառնար լիբանանեան քաղաքական ներքին հարցերուն ու կ՛արժեւորէ միջլիբանանեան ներքին հասկացողութիւնը»:

«Նման դատի մը պահանջատէր ըլլալով` ինչպէ՞ս կը մօտենանք հայկական հարցին» հարցումին պատասխանելով Մուրրա ըսաւ. «Հասարակաց յայտարարներ կան հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներուն միջեւ` մշակութային, ինքնութեան, քաղաքակրթութեան թէ հողին կառչած մնալու դիտանկիւնէն: Իբրեւ իսլամական շարժում, կը պատկանինք իսլամ կրօնին եւ կը նկատենք, թէ այս կրօնը կ՛արգիլէ բրտութիւնն ու ահաբեկչութեան օգտագործումը ընկերային որեւէ հատուածի դէմ:

Իր կարգին, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Ուրախ ենք հիւրընկալելու Համաս շարժումի մեր եղբայրները, որոնց այցելութիւնը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչումին: Մեր կարծիքները համընկնեցան Իսրայէլի դէմ դիմադրութեան գծով: Կը նկատենք, որ Պաղեստինեան դատը, Հայ դատին նման է, եւ երկու ժողովուրդները կը պայքարին անիրաւութեան ու բռնագրաւման դէմ: Մենք այս շրջանին զաւակներն ենք, ու Պաղեստինի մայրաքաղաք Երուսաղէմը մայրաքաղաքն է Պաղեստինի հողին վրայ եւ ապրող հայ թէ արաբ բոլոր ժողովուրդներուն եւ քրիստոնեայ թէ իսլամ բոլոր համայնքներուն: Մեր ներկայութիւնն ու գոյութիւնը Երուսաղէմի մէջ բաւական հին է ու կ՛երթայ մինչեւ երրորդ եւ չորրորդ դարերը: Մենք կը խորհինք, որ մեր եւ պաղեստինցի ժողովուրդին միջեւ կայ պայքարի, զգացումի եւ արեան կապ մը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES