Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Կռիւ` Վրաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով ուշագրաւ դէպք մը տեղի ունեցած է Վրաստանի խորհրդարանին մէջ: Ընդդիմադիր Վրացական ժողովի երեսփոխան Ճոնտի Պաքատուրիան եւ կառավարող Միացեալ ազգային շարժումէն Ազեր Սուլէյմանով խորհրդարանին մէջ իրարու հետ կռուած են Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով:
Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ այսօր աշխարհը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը` Պաքատուրիան յիշեցուցած է, որ նախորդ տարի Վրաստանը ճանչցած է չերքեզ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը` Ռուսական կայսրութեան մէջ: Անոր համաձայն, այս մէկը առիթ եղած է, որ ներկայիս Վրաստանի հայերը խորհրդարանէն պահանջեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Պաքատուրիա դիտել տուած է, որ չերքեզներուն ցեղասպանութիւնը ճանչնալը ինքնին «յանցագործութիւն» էր, որովհետեւ անիկա նախընթաց եղաւ այլ ժողովուրդներու` նոյնանման պահանջներով հանդէս գալու:
Անոր պատասխանելով` ազգութեամբ ազրպէյճանցի Սուլէյմանով գործընկերոջ «Բագրատուրեան» կոչած է` աւելցնելով, որ նախընտրելի է իրեն վերաբերող հարցերուն միջամուխ չըլլայ: Ապա անոնք սկսած են տարբեր տեսակի իրեր նետել իրարու վրայ, իսկ աւելի ուշ` զիրար խոշտանգել:
Այս դէպքին լոյսին տակ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Պաքրածէ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ առկայ սիրոյ եւ դրացնութեան մասին խօսած է` աւելցնելով, որ Վրաստան «կը կիսէ անոնց ցաւը»` առաջարկելով այդքան զգացական չըլլալ:
Նշենք, որ Վրաստանի մէջ կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններ կոչ ուղղած էին Վրաստանի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ Թիֆլիսի քաղաքապետին, որ անոնք ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը:

