Երեւանը` 2012 Թուականի Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք
20-25 ապրիլ 2012-ին, Հայաստանի մէջ կայացան «Երեւանը` 2012 թուականի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» հռչակման բացման հանդիսութիւնները: Այս առիթով տեղի ունեցան ցուցահանդէսներ, սեմինարներ, մշակութային ձեռնարկներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ:
Այս ընթացքին Երեւան ժամանած էին տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով պետական պատուիրակութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Տեղին է նշել, որ Լիբանան նաեւ, բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը, մասնակից էր այս նախաձեռնութիւններուն: Հայաստանի պետութեան հիւրերն էին` Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ: Ներկայ էին նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդէն եւ նախարարութենէն այլ անձնաւորութիւններ: Նոյն օրերուն տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան համագումարը, եւ լիբանանահայ գրողներու պատկառելի խումբ մը նաեւ մասնակից դարձաւ այդ համագումարին:
21 ապրիլին, «Գաֆեսճեան» թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Արմպուք Էքսփօ-12» գիրքի ցուցահանդէսին` մասնակցութեամբ հայաստանեան եւ արտերկրի հրատարակչատուներու: Լիբանանեան տաղաւարը յատկացուած էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանին: Տաղաւարին մէջ տեղադրուած հրատարակութիւնները եւ անոնց պատկառելի թիւը արժանացան պետական եւ մտաւորական այցելուներու մեծ գնահատանքին: Լիբանանեան տաղաւարին մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան հաւատարմատար Զիատ Աթթալա եւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն ու Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան: Ցուցահանդէսին ընթացքին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան հանդիպում մը ունեցաւ այս առիթով Հայաստան գտնուող «iBby» մանուկներու եւ պատանիներու միջազգային գիրքի կոմիտէի նախագահ Էլիզապէթ Փէյճի հետ: Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան այս մարզին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները: Յայտնենք, որ Համազգայինի մանկապատանեկան հրատարակութիւնները նոյն առիթով նաեւ ցուցադրուած էին «Խնկօ Ապոր» ազգային մանկական գրադարանին մէջ:
22 ապրիլի երեկոյեան, մատենադարանի բացօթեայ վայրին մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուած «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» տիտղոսի հանդիսաւոր փոխանցումը 2011 թուականի գիրքի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսէն Երեւանին` ներկայութեամբ Հայաստանի պետական ու կրօնական աւագանիին եւ օտար պատուիրակութիւններուն: Յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ այս առիթով կազմակերպուած «Գիրի յաւերժութիւն…» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր հայ քաղաքակրթութեան զարգացման պատմութիւնը, որուն վրայ իրենց դրոշմը դրած են գիրն ու գիրքը` սկսած հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ ելեկտրոնային գիրք:
Յայտնենք, որ մէկ տարուան տեւողութեամբ Երեւանի թէ արտերկրի զանազան վայրերու մէջ այս առիթով տեղի պիտի ունենան ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ եւ այլ նախաձեռնութիւններ:

