Յուշամատեանի Բացում` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը ապրիլ 24-ի առիթով յուշամատեանի գրառումներուն համար ընդունեց հոգեւոր, պետական, գաղութային եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու այցելութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգող համապատասխան արձանագրութիւններ ստորագրեցին Լիբանանի մէջ գործող դեսպանններ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, պետական, եւ քաղաքական դէմքեր, երեսփոխաններ, կառավարութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100 -ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներ: Գրառումներ կատարեցին նաեւ` խորհրդարանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցիչները:

Share this Article
CATEGORIES